Յեղափոխական Պահակագունդին Մէջ Խամենէիի Ներկայացուցիչը Կը Յայտարարէ. «Իրան Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի Իբրեւ Հակադարձութիւն Թել Աւիւը Պիտի Ռմբակոծէ»

Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ Մաժթապա Զու Ալնուր յայտնեց, որ «եթէ Ամերիկա Իրանի վրայ հրթիռ մը արձակէ, ապա մեր հրթիռները ուղղակի կերպով Թել Աւիւի սիրտը պիտի ուղղուին, նախքան ամերիկեան հրթիռին փոշիին նստիլը»:

Ան աւելցուց, որ «եթէ Ամերիկա յարձակում մը գործէ, ապա մենք կրնանք աշխարհի վրայ շարք մը երկիրներու մէջ անոր շահերուն դէմ յարձակում գործել»` նշելով, որ «Իրանի դէմ յարձակումը թշնամիներուն համար մեծ արկածախնդրութիւն մը կը պարունակէ»:

Խամենէիի ներկայացուցիչը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը ներկայիս առանց օդաչուի թռչող սարքերու մարզին մէջ երրորդ դիրքը կը գրաւէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )