Նախարարներ Սապունճեան Եւ Պասիլ Հիմնարկէքը Կատարեցին Վերանորոգուող Ուժանիւթի Երկու Ծրագիրներու

Սապունճեան եւ Պասիլ ծրագիրներու հիմնարկէքի ժապաւէնը կը կտրեն

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Լիբանանեան համալսարանի Հատաթի մասնաճիւղին մէջ հիմնարկէքը կատարեցին վերանորոգուող ուժանիւթի երկու ծրագիրներու:

Ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի հետազօտութեան կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆրըն, Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթ, նախկին նախարար Ռամզի Ապի Սուէյտ, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզի պատասխանատուներ եւ համալսարանի դասախօսներ:

Իր խօսքին մէջ, նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ Ճարտարարուեստի հետազօտութեան կեդրոնին աշխատանքները քաջալերելի են` աւելցնելով, որ իրենք լրջօրէն կը հետապնդեն երկրին եւ յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած ուժանիւթի տագնապին յարմար լուծումներ գտնելու կարելիութիւնները: Ան աւելցուց, որ այս մարզին մէջ որեւէ ներդրում քաջալերելի է:

Share this Article
CATEGORIES