«Պէտք Է Մշակել Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Եւ Զայն Նոր Կառավարութեան Մը Զուգահեռ Փոխանցել Խորհրդարան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթի ուղղուեցաւ Թրիփոլի` նախագահելու համար շարք մը հանդիպումներու:

Թրիփոլիի իր բնակարանէն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլի այլ ելք չունի, բացի` պետութենէն եւ լիբանանեան բանակէն, որոնք քաղաքին մէջ կը հաստատեն ապահովական կայունութիւնը:

Ան շեշտեց, որ ինք Թրիփոլի ուղղուած է` ստուգելու համար հոն տիրող կացութիւնը, յատկապէս ապահովական առումով:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք ստուգած է բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները, որոնք ողջունելի են եւ Թրիփոլիի բնակչութեան ապահովութիւն ներշնչած են:

Վարչապետ Միքաթի նաեւ ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ սիրոյ գոյութեան անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց, որ Թրիփոլին պէտք է ապահով մնայ` նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքը միակն է, որ կը վնասուի ե՛ւ ապահովական առումով, ե՛ւ տնտեսական իմաստով:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Թրիփոլիի մէջ այլեւս վայրագութիւն չարձանագրուի:

Կառավարութեան հրաժարականին մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք առաջադրած է նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ պէտք է մշակել ընտրական նոր օրինագիծ մը եւ զայն փոխանցել խորհրդարան, ինչպէս նաեւ համաձայնիլ նոր կառավարութեան մը շուրջ, որուն անդամները երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուներ չըլլան:

«Երբ վարչապետի պաշտօնը ընդունեցի, նպատակ ունէի պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանեան գոյութիւնը, եւ ես պատրաստ եմ հրաժարելու, երբ կը զգամ, որ ներկայութիւնս այլեւս ոչ մէկ իմաստ կը ներկայացնէ: Մենք տակաւին ենթակայ ենք փոթորիկներու եւ անոնց դիմադրելու համար պէտք է միասնականութեամբ գործենք», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները ինք ընդդիմութեան եւ իշխանամէտ ուժերուն միջեւ լարուածութեան շրջագիծին մէջ չի տեսներ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման աշխատանքները պիտի գործադրուին, սակայն պայման է սկսելու համար շրջանին կայունութիւնը ապահովել եւ ապա սկսիլ շինարարական աշխատանքին ու բարգաւաճման ծրագիրներուն գործադրութեան:

«Թրիփոլիի կացութիւնը ամբողջ Լիբանանի կացութեան կապուած է եւ Թրիփոլին ծանօթ է իբրեւ համախոհութեան եւ ազգային գոյակցութեան երկիրը», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Պատասխանելով սպանութեան թիրախ եղող անձնաւորութիւններու ցանկի մը գոյութեան մասին հարցումի մը` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք նման անուանացանկ մը չէ ստանձնած, սակայն այդ մասին գումարուելիք ապահովական արտակարգ նիստի մը ներկայ պիտի գտնուի:

Էլիասոն եւ Միքաթի

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Էլիասոնը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Էլիասոն յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը վտանգաւոր է, եւ պէտք է անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն դիմել` կասեցնելու համար արիւնահեղութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել ոչ միայն Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը, այլեւ` Սուրիոյ մօտակայքը գտնուող երկիրները:

Էլիասոն ընդգծեց, որ այդ կացութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն վրայ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է պահպանել ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը յարգեն երկրին կայունութեան պահպանումին համար ի գործ դրուող լիբանանեան ջանքերը:

Ան գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Էլիասոն ընդգծեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտած է ՄԱԿ-ի, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնը: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ կարելի ըլլայ խաղաղութեան բանեցումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )