Մոսկուայի Մէջ Յովիկ Աբրահամեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահին Հետ
10 դեկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Ժամանակակից խորհրդարանական համակարգը եւ ժողովրդավարութեան ապագան» միջազգային խորհրդարանական համաժողովին:
Համաժողովի ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահը հանդէս եկաւ ելոյթով` իր խօսքին մէջ ժողովրդավարութեան հետագայ զարգացման ու քաղաքացիական հասարակութեան կայացման գործին մէջ կարեւոր նկատելով խորհրդարաններու դերը:
Համաժողովի շրջագիծին մէջ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ռիքարտօ Միլիորիի հետ: Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի դերը միջխորհրդարանական երկխօսութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներուն մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին կողմէ անաչառ դիտորդական առաքելութեան իրականացումը եւ անհրաժեշտ նկատեց համագործակցութեան շարունակականութիւնը ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հիմնարկներուն հետ:
«ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը նոյնպէս բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ կարեւոր նկատեց համագործակցութեան հետագայ զարգացումը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս: Կողմերը ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ», ըսուած է Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան մէջ:

