Գագիկ Ծառուկեան Պիտի Չառաջադրէ Իր Թեկնածութիւնը Նախագահական Ընտրութեան
Երէկ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան եւ քաղաքական խորհուրդի միացեալ նիստը: Օրակարգին վրայ կար մէկ հարց` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափը 2013 թուականին տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութեան:
Բացման խօսքին ընթացքին կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չ՛առաջադրէ նախագահական ընտրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն` անվերապահ վստահութեան եւ աջակցութեան համար:
Հիմք ընդունելով Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարութիւնը` քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կուսակցութեան խմբակցութեան եւ քաղաքական խորհուրդի միացեալ նիստը երկու որոշում տուաւ.
1) Յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը սեփական թեկնածու պիտի չառաջադրէ:
2) Յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ոեւէ թեկնածուներէն մէկուն պիտի չսատարէ: