Մամլոյ 77-րդ Լսարան. Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Զեկուցեց «Հայկական Բաներ» Եւ Հայագիտութեան Տագնապը Նիւթին Մասին

Գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 77-րդ լսարանը` ներկայութեամբ գրասէր եւ մշակութասէր հանրութեան:

«Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց ծանօթ բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան նիւթը, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը:

Փիլիսոփայական մտապաշարի հմուտ ենթահողով փրոֆ. Տատոյեան 1986-2005-ի ընթացքին իբրեւ դասախօս դասաւանդած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: 2006-ին հրաւիրուած է Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանը, ուր հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է համալսարանի միջինարեւելեան բաժանմունքին մէջ: Նմանապէս հրաւիրուած է դասախօսելու Ս. Ներսէս ընծայարանին եւ Շիքակոյի համալսարանին մէջ: 2011-ին հրաւիրուած է Երեւանի պետական համալսարան: Փրոֆ. Տատոյեան դասախօսած է նաեւ այլ համալսարաններու մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու, համագումարներու եւ սեմինարներու:

Պատմափիլիսոփայական լայն աշխարհահայեացքով, փրոֆ. Տատոյեան հարցերուն մօտեցած է քննական մօտեցումով, յաճախ ընդդիմադիրի դիտանկիւնէն: Անոր հարցադրումները կը շրջանցեն նեղ օղակը` ստեղծելով նոր ընդգծումներ, նոր հաստատումներ, նոր հարցադրումներ:

Կիրակոսեանի բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Տատոյեան, որ անցնելով օրուան նիւթին, նախ անդրադարձաւ գիտութեան եւ փիլիսոփայութեան ամէնէն հիմնական սկզբունքներէն մէկուն` փաստելի, ծանօթ տուեալ իրողութիւններէ մեկնիլ անծանօթին: «Մեր նիւթի պարագային, «ծանօթ»-ը վիճակագրական տուեալներն են: Իսկ «անծանօթ»-ը առնչութիւնն է «հայկական բաներու» եւ հայագիտական կեդրոններու գործունէութեան միջեւ», յայտնեց փրոֆ. Տատոյեան, վիճակագրական հակիրճ պատկեր մը փոխանցելով վերջին տասնամեակներուն Եւրոպայի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ «գործող» հայագիտական ամպիոններու, կեդրոններու եւ ուսմանց իրավիճակին մասին:

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու, ամպիոններու վիճակագրական ամփոփ համապատկերը փոխանցելէ ետք, առարկայական այս տուեալներու կողքին փրոֆ. Տատոյեան նշեց անոնց ծննդոցի պայմանները, որոնք հիմնականին մէջ կ՛ըլլան երկու ձեւերով.

ա) Տուեալ համալսարանի մը մէջ հայագիտական կեդրոն մը կը հիմնուի իբրեւ ենթաամպիոն: Եւրոպայի 18 հայագիտական կեդրոններու մեծ մասը հիմնուած են մեծ համալսարաններու բաժանմունքներուն իբրեւ ենթաամպիոն: Անոնցմէ ոմանք հիմնուած են անցեալ ու նոյնիսկ նախորդող դարերուն:

բ) Անհատական նախաձեռնութեամբ ու ֆինանսաւորումով հիմնուած կեդրոններ, գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ, յատկապէս 1960-ականներէն ետք: Կան անհատական մասնաւոր հաստատութիւններ, ինչպէս` «Կիւլպենկեան»-ը եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Ապա փրոֆ. Տատոյեան անդրադարձաւ նշեալ կեդրոններու տարբերութեանց: Այսպէս, անոնք կը տարբերին

1.- Նիւթական առումով: Պետական համալսարաններու մէջ կեդրոնին ծախսը ամբողջութեամբ կը հոգացուի պետութեան կողմէ, իսկ մասնաւոր ամպիոններու պարագային կայ որոշ յատկացում մը, որ սահմանափակ է:

2.- Կրթական առումով պետական համալսարաններու մէջ ամպիոնը անպայմանօրէն պէտք է հետեւի ընդհանուր ծրագիրին: Կան նաեւ «ինքնիշխան» ամպիոններ:

3.- Հովանաւորութեան եւ ակադեմական հսկողութեան եւ իրաւասութեան հարցը: Պետական համալսարաններու մէջ ընդհանուր համակարգը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ եւ կ՛ուղղէ նաեւ հայագիտական ամպիոնը: Այսինքն` հոն կայ աւելի կառոյց եւ աւանդութիւն: Այս հանգամանքը ունի իր դրական եւ բացասական կողմերը: Իսկ անհատական նախաձեռնութեամբ հիմնուած ամպիոններու պարագային հովանաւորող յանձնախումբի անդամները ակադեմականներէ աւելի ազգայիններէ կազմուած է: Ամպիոնին դասախօսը եւ իր դաստիարակչական աշխատանքը գործնապէս ենթակայ չեն մասնագիտական որեւէ իշխանութեան:

Ապա զեկուցաբերը կատարեց ընդհանուր արժեւորում` կեդրոնանալով ծրագիրին եւ ակնկալութեանց, ներդրումին եւ արտադրութեան, յատկապէս` արտադրուած հայագէտներու թիւին, անհատական ուսումնասիրութեանց եւ դասաւանդուած նիւթերուն վրայ:

Զեկուցաբերը անդրադարձաւ նաեւ նշեալ վերլուծական առարկայական տուեալներու «գետին» նկատուող գաղափարաբանական հարցադրումին.- Ի՞նչ է հայագիտութիւնը եւ ի՞նչ են հայագիտական կեդրոնի մը կամ ամպիոնի մը նպատակը եւ դերը «հայկական բաներ»-ու կամ հարցերու նկատմամբ: Իբրեւ պատասխան ան ընդգծեց, թէ պէտք է «որդեգրել հայկական բաները» իբրեւ հայագիտութեան մարզ եւ ըստ այնմ նորոգել ու զարգացնել ոչ միայն հայագիտութիւնը, այլեւ եւ մասնաւորաբար` հայ եւ օտար հանրութիւնը:

Առարկայական տուեալներով ան արժեւորումը կատարեց նշեալ հայագիտական կեդրոններու եւ ամպիոններու յարաբերութեան «հայագիտական բաներ»-ու հետ` հարց տալով, թէ անոնք որքանո՞վ նպաստած են ոչ միայն այսպէս կոչուած «զուտ» հայագիտութեան, այլեւ մասնաւորաբար հայ եւ օտար հանրութեան փոխանցելու հայագիտութիւն եւ արդիական մտածելակերպեր: Այս գծով ան առաջարկեց հետեւեալ չափանիշները.

1) Ամպիոնին քաղաքականութիւնը (policy)
2) Հրատարակութիւնները
3) Հանրային ձեռնարկներ եւ յարաբերութիւններ` հայ եւ օտար հանրութեան հետ
4) Գիտական համագումարներ
5) Առնչուածութիւն տուեալ համալսարանի տարբեր բաժանմունքներուն հետ
6) Հաղորդակցութեան միջոցներ (media) եւ ներկայութիւն
7) Ազդեցութիւնը/դերը թէ՛ ակադեմական եւ թէ՛ ընկերային մարզերու մէջ

Ապա փրոֆ. Տատոյեան հանգամանօրէն մանրամասնեց իւրաքանչիւր չափանիշի տեսլականն ու պարզած իրավիճակը: Ան, օրինակ ցաւով նշեց, թէ հայ ակադեմականներ ու դասախօսներ ընդհանրապէս հեռու են պատկերասփիւռի թէ ձայնասփիւռի կայաններէն, բացի Ապրիլ 24-ի կամ այլ յատուկ առիթներէ:

«Ինչպէս ամէն բան` մշակոյթն ալ քաղաքական երեւոյթ է եւ հայագէտները, որոնք գոնէ տեսականօրէն ունին տեղեկութիւն, պէտք է կարենան պարզել ու վեր բերել անոր «քաղաքական» նշանակութիւնը», ընդգծեց փրոֆ. Տատոյեան եւ աւելցուց. «Մինչ բազմաթիւ կեդրոններու մէջ, ինչպէս թրքական, արաբական, պարսկական ուսմանց, ընդհանուր երեւոյթ է այս, հայագիտական կեդրոնները կը թուին ըլլալ անտարբեր: Յիշեցնենք, թէ նոյնքան անբաղձալի է միւս ծայրայեղութիւնը` կեդրոններուն եւ մտաւորականներուն կուսակցականացումն ու զինուորագրումը»:

«Քանի որ հայագիտական կեդրոնները, թէ՛ Եւրոպա եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ, ենթաամպիոններ եւ ենթաբաժանմունքներ են, կը թուի, թէ հարցը կը կեդրոնանայ հոն գտնուող հայագէտին վրայ: Օտար հայագէտներուն պարագային կեդրոնը եւ նոյնիսկ հայ հանրային կարծիքը պէտք է, որ ուղղութիւն տան, թէ ի՞նչը պէտք է անհրաժեշտօրէն մաս կազմէ ծրագիրին: Այսինքն` անհատական որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ պէտք չէ գործէ ամպիոնը, որովհետեւ այդպիսով կրնայ վրիպիլ իր բուն նպատակէն: Իսկ ազգութեամբ հայ հայագէտին պարագային կը կարծուի, որ «հայկական բաներ»-ու մասին մտահոգութիւնները պէտք է ներկայ ըլլան բնականօրէն, բայց այդպէս չէ», ընդգծեց փրոֆ. Տատոյեան:

Եւրոպական լուսաւորութենէն ի վեր` իսկական մտաւորականը մաս կը կազմէ ընկերային զարգացումի մեքենային եւ իբրեւ այդպիսին անիկա գործօն եւ ընդդիմախօս անհատ է: Այսպէս էին հայ Զարթօնքի դէմքերը: Այսինքն` մտաւորականը ունի ուղղակի դեր եւ պաշտօն հանրայնացնելու մտաւոր մշակոյթը, որպէսզի ժողովուրդը ունենայ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է ճանչնալու սեփական պատմութիւնը: Լայն եւ յառաջադէմ ճանաչողութիւնը ժողովուրդին իրաւունքն է եւ անոր մշակումն ու փոխանցումը` մտաւորականին առաջին գործը:

«Երբ կը նայինք բոլոր հայագիտական կեդրոններուն` Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, այս չէ պարզուած պատկերը եւ առաջին քայլը խօսիլ է այս մասին ամէն տեղ, մամուլով եւ լսողատեսողական միջոցներով», եզրափակեց փրոֆ. Տատոյեան:

Աւարտին զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES