Հանիյէ Տոհա Իր Մօտալուտ Այցելութեան Մասին Կը Խօսի
Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ եւ Կազայի վերաշինութեան քաթարական յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Ումատի յայտարարեցին, որ Կազայի վերաշինութեան ծրագիրներու առաջին հանգրուանը ընթացք առած է:
Հանիյէ Ումատիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իսրայէլի ուղղեց այն պատգամը, թէ, ամէն անգամ որ քանդէ, իր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կառուցել` նշելով, որ մասնաւորաբար Կազայի դէմ վերջին յարձակումէն ետք շինարարական յաւելեալ ծրագիրներ կը պատրաստէ:
Ան յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային Քաթար եւ շարք մը արաբական եւ իսլամական երկիրներ պիտի այցելէ` քննարկելու համար իսրայէլեան վերջին յարձակումէն ետք Կազան վերաշինելու հարցը` նշելով, որ «վերաշինութեան աջակցելու շուրջ դրական տրամադրութիւններ գոյութիւն ունին»:
CATEGORIES Միջազգային

