ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՄԻՔԱԹԻ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ ՏԷՐԸ ՉԵՆ ԵՒ ԱՐԳԵԼՔԸ ԻՐԵՆՑՄԷ Է» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԶՕՐ. ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆ

«Կառավարութեան կազմութեան ձգձգումներու հեռանկարները կը վերագրուին արտաքին պատճառներու. փաստօրէն արտաքին պատուիրակներ եռուն երթեւեկի մէջ են», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` դիտել տալով, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի իրենց պատասխանատուութեանց տէրը չեն եւ կառավարութեան կազմութեան արգելակումը իրենցմէ է»:

Միւս կողմէ, նախարարական իրազեկ աղբիւրներ յստակացուցին, որ ցարդ նախագահ Սլէյման յստակօրէն չէ պատասխանած ներքին գործոց նախարարի գծով արծարծուող անուններուն, յատկապէս` զօր. Փոլ Մաթարի գծով, առանց սակայն մերժելու զայն: Այսուհանդերձ ճիգերը կը շարունակուին ելքի մը գծով, որուն գծով համամիտ գտնուին միաժամանակ զօրավարներ Միշել Սլէյման եւ Միշել Աուն:

«Յատուկ խօսք ունինք ըսելու սեւը ճերմակէն զանազանելու համար», յայտարարեց Պաաս կուսակցութեան ղեկավարներէն երեսփոխան Ասեմ Քանսօ երէկ, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին: «Ոմանք կը ձգձգեն կառավարութեան կազմութիւնը` սպասելով Սուրիոյ դէպքերուն», ընդգծեց Քանսօ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ ընդգծեց, որ «կառավարութիւնը մահաքունի մէջ է»` յստակացնելով, որ իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր իր դիմագրաւած հարցը այն է, որ Լիբանանի մէջ օրէնքի գործադրումը անհատական տեսակէտ է եւ «ան որ կ՛անտեսէ կամ կը հակասէ օրէնքը, ժամանակի ընթացքին իրաւունքի տէր կը դառնայ»:

Իսկ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ պարզեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը վաղը` երեքշաբթի, պիտի գումարէ իր հերթական նիստը եւ իր կեցուածքը ճշդէ կառավարութեան կազմութեան գծով: Ան այս առիթով կոչ ուղղեց Միքաթիին` յստակացնելու իր կեցուածքը նախարար Զիատ Պարուտի վերջին յայտարարութեան լոյսին տակ:

«Մեր բոլոր ուզածը այն է, որ ունենանք ներքին գործոց նախարարութիւն մը, որ բարեկարգումներու կը նախաձեռնէ», յայտարարեց երեսփոխան Ալեն Աուն` պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Երեսփոխան Աուն հաստատեց, որ նախագահ Սլէյման կը մերժէ զինուորական հաստատութեան անդամ մը ներքին գործոց նախարար նշանակել, եւ այժմ «գնդակը» իր կողմն է:

Share this Article
CATEGORIES