Կազմակերպութեամբ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա Ակումբին. Փինկ Փոնկի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք` 26-27 Դեկտեմբերին
Կազմակերպութեամբ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, յառաջիկայ 26-27 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ 7-րդ անգամ ըլլալով:
Այս մրցաշարքը նուիրուած է հանգուցեալ մարզիչ Սամիր Քարեհի յիշատակին:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 1991-1992 եւ 1993-ի, ինչպէս նաեւ 1994-ի ծնունդ եւ վեր դասակարգերու մրցումներ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերը:
Արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ թիւին` 05-430090, կամ ե-նամակի adab.riada@gmail.com հասցէին հետ:
CATEGORIES Մարզական