Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Երկու Արծաթ Մետալներու

Երէկ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի 2-րդ ախոյեանութեան մրցումները:

Լիբանանի աղջկանց խումբը, որուն մաս կը կազմեն Կրեթթա Թասլաքեան, Մահա Մուալլեմ, Քրիսթել Սանեհ եւ Քրիսթել Ռահմէ, 4×400 մեթր վազքի մրցումներուն տիրացան ոսկի մետալին` արձանագրելով 49″ 01 արդիւնք մը:

Աղջկանց մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն, Քրիսթել Սանեհ տիրացաւ արծաթ մետալին` արձանագրելով 5,45 մեթր արդիւնք մը: Ան մէկ սանթիմեթր տարբերութեամբ միայն ոսկի մետալին չյաջողեցաւ տիրանալ:

Արծաթ մետալի տիրացաւ նաեւ Սենտի Քարամ, երբ 10 քմ քալելու մէջ արձանագրեց 1 ժամ եւ 7 վայրկեան արդիւնք մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )