«Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատի Շահերուն Հակառակ Կ՛ընթանայ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ համոզում յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ պատերազմը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շահերուն հակառակ կ՛ընթանայ»: Ան նշեց, որ «ներկայիս ինչ որ պէտք է ընենք այն է, որ Պաշշար Ասատը շուտով հեռանալու մղենք»:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ «սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը այժմ աշխարհի պետութիւններէն շատերուն ճանաչման արժանացած է` իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ»` նշելով, որ Ֆրանսա առաջին երկիրն էր, որ այդ ընդդիմադիր մարմինը ճանչցաւ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի հինգշաբթի օր կատարած այցելութեան, գոհունակութիւն յայտնեց նշելով, որ Ռուսիա «վերադարձած է իրականութեան դաշտ»` ընդունելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը կրնայ տապալիլ: «Մենք կ՛ուզենք գովել ռուսական կառավարութիւնը անոր համար, որ անիկա վերջապէս վերադարձած է իրականութեան դաշտ եւ կ՛ընդունի, որ վարչակարգի օրերը հաշուըուած են: Հարցը ներկայիս այն է, որ սուրիական կառավարութիւնը պիտի միանայ մեզի եւ ամբողջ միջազգային ընտանիքին, որ կ՛աշխատի ընդդիմութեան հետ, այն նպատակով, որ իրականացուի իշխանութեան սահուն եւ ժողովրդավարական փոխանցում ժընեւեան համաձայնութիւններու հիմամբ` փոխանցման կառավարութիւն ձեւաւորելու համար… Այդ պատճառով մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք մեզի հետ աշխատելու»:

Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն յայտարարութիւնները, որոնք հինգշաբթի օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի վերագրուած էին: Ան յայտարարած էր, որ սուրիական վարչակարգը օրէ օր Սուրիոյ վրայ իր վերահսկողութիւնը կը կորսնցնէ եւ թէ սուրիական ընդդիմութեան յաղթանակին կարելիութիւնը կարելի չէ բացառել:

Ամերիկեան «Սի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա ստորագրած է «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ զինեալ ուժերու 400 անդամներ Թուրքիա ուղարկելու հրամանագիրը:

Փանեթայի բանբեր Ճորճ Լիթըլ յայտնեց, որ «զինեալ ուժերու 400 անդամներ պիտի ուղարկուին հրթիռային երկու համակարգերը բանեցնելու համար»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար զօր. Աւիւ Քոխաֆի անցեալ շաբաթ գաղտնի այցելութիւններով մեկնած է շարք մը եւրոպական երկիրներ, ուր քննարկած է Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ իր պատկերացումները: Աղբիւրներ «Իսրայէլի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Քոխաֆի իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած է սուրիական քիմիական զէնքերուն Հըզպալլայի ձեռքը իյնալը կանխարգիլելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES