Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակութիւնները Աւելցնելու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան Մարդասիրական օժանդակութեան միջազգային գործակցութեան բաժանմունքի նախագահ Քրիսթալինա Ճորճիեկան, որուն ընկերակցեցաւ պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այս բաժանմունքին ի գործ դրած ջանքերը` սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն գծով:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ մարդասիրական առումով Լիբանան ճիգ չի խնայեր սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու: Ան կոչ ուղղեց աւելցնելու սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց պետական նախարար Ահմետ Քարամէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու առումով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց պետական հաստատութիւններուն օրինաւոր աշխատանքի շարունակութեան եւ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի եւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:

ՆՇԵՆՔ, որ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան հրապարակած նոր վիճակագրութեան համաձայն, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 156 հազարի:

Share this Article
CATEGORIES