Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Դուրս Մնաց` Պարտուելէ Ետք Քուէյթէն (2-1)
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին համար Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը երէկ երեկոյեան վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ Ա. հանգրուանին իր կատարած երրորդ եւ վերջին մրցումին, մայրիներու խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քուէյթէն:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք Լիբանան գրաւեց Ա. խմբակին վերջին դիրքը (երեք կէտով)` երկու պարտութիւն կրելէ եւ յաղթանակ մը միայն արձանագրելէ ետք:
Լիբանանի հետ մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Պաղեստին, որ նոյնքան կէտ ապահովելով գրաւեց երրորդ դիրքը:
Օման գրաւեց առաջին դիրքը (6 կէտ)` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պաղեստինի: Նշենք, որ նոյնքան կէտ ապահովեց Քուէյթ (2-րդ):
Երէկուան մրցումին Քուէյթ իր կոլերը նշանակեց 8-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն, իսկ Լիբանանի միակ կոլը նշանակուեցաւ 60-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ապպաս Աթուէի:
CATEGORIES Մարզական

