Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ժամհիեթ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Ժամհիեթ Մաարաքէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, որ երեք կէտով վերադառնան հարաւէն` ամուր կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած չորս մրցումէն ՀՄԸՄ առաւելագոյն 12 կէտէն ապահոված է 10 կէտ եւ այդ մէկը` իր հայ մարզիկներուն շնորհիւ, որոնք կը կազմեն խումբին ողնասիւնը:
CATEGORIES Մարզական

