«Խորհրդարանի Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկողն Է Ընտրութիւնները Առկախել Փափաքողը» Ընդգծեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են երեսփոխանական ընտրութիւնները առկախել փափաքող կողմերը` աւելցնելով, որ անոնք ենխորհրդարանին աշխատանքները պոյքոթի ենթարկող կողմերը եւ հետեւաբար ընտրական օրէնքին վաւերացումը արգելակողները:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարուին, մեծ փորձանք մը պատահած չ՛ըլլար, ընդհակառակն` կարեւորը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է եւ անիշխանութեան կանխարգիլումը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նիստի հրաւիրելու, որպէսզի օրինագիծերը քննարկեն:
«Լիբանանեան իշխանութեան կարգ մը կողմերէ լուռ մեղսակցութիւն պէտք չէ ըլլայ», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան զգուշացուց սուրիացի գաղթականներուն եւ պաղեստինցիներուն Լիբանան խուժումէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կրօնական խմբաւորումներու գոյութենէն, ինչ որ վտանգաւոր է:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն կէսօրէ առաջ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թոնի Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին աւարտին Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու է` աւելցնելով, որ ինք բոլոր թղթածրարները կը համադրէ իր հօր` երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Թոնի Ֆրենժիէ աւելցուց, որ զօր. Աունին կատարած իր այցելութիւնը կը բխի անոր հանդէպ իր հօր մտերմութենէն: