Նեպիհ Պըրրի Ալեւի Համայնքի Մէկ Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ալեւի համայնքի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Ասի Պըրրիի ներկայացուց ալեւի համայնքին դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ անոնց կարիքներն ու իրաւազրկումները:
Շէյխ Ասի Պըրրիի հետ քննարկեց նաեւ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուող զինեալ միջադէպերուն վերաբերող հարցեր: Ան ըսաւ, որ ալեւի համայնքին պատկանելիութիւնը լիբանանեան է եւ որեւէ կողմ, որ դիմադրութեան, մարդկութեան եւ արաբականութեան կըհաւատայ, մենք անոր կը զօրակցինք:
Շէյխ Ասի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանուի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Էլի Սքաֆ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թոք:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին հետ, շնորհաւորեց զայն անոր ընտրութեան առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:


