Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Եազիժի Պատրիարքը Եւ Շեշտեց Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Պալամանտի վանքը, ուր իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին` անոր ընտրութեան առիթով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութիւնը պահպանել, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ համաշխարհային առումով անընդունելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները առկախել:

«Եթէ մենք մեր ժողովրդավարութիւնը պահպանելու համար 60 – 70 տարիէ ի վեր սուղ գին վճարած ենք, ապա պէտք չէ արտօնենք, որ այլոց ժողովրդավարութեան համար Լիբանան սուղ վճարէ», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» մէջլիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութիւն գոյացուցած են այլոց հարցերուն միջամուխ չդառնալու:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ

քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը եւ կառավարութեան յաջորդ նիստին քննարկուելիք օրակարգը:

Պաապտայի ացելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնհազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի:

Share this Article
CATEGORIES