Թուրքիա Դարձեալ Մինսքի Խմբակը Փոփոխութեան Ենթարկելու Անհրաժեշտութեան Մասին Կը Խօսի
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտարարած է, որ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը հասունցած է»: Ան նաեւ յայտնած է, որ խմբակը կորսնցուցած է իր անաչառութիւնը: «Խօսք չի կրնար ըլլալ այն մասին, որ իր խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ դէմ զրպարտիչ եւ հայանպաստ օրինագիծեր որդեգրող երկիրը կրնայ չէզոք ըլլալ: Ուստի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի համանախագահութեան հարցը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի:
«Մինսքի խմբակին մէջ ներկայացուած են նաեւ շրջանէն հեռու գտնուող երկիրներ: Օրինակ, Իրլանտան: Անհրաժեշտութիւն չկայ, որ այդ երկիրները Մինսքի խմբակին մէջ ներկայացուած ըլլան: Անհրաժեշտ է հասնիլ անոր, որ այդ կառոյցը ճկուն ու աշխուժ կերպով գործէ: Թուրքիան պատրաստ է առարկայական կերպով իրմէ կախուած ամէն բան ընելու», ընդգծած է Էօնալ: