Ըստ Արմէն Ռուստամեանի Նախագահական Ընտրութիւնները Պէտք Է Յանգեցնեն Իշխանափոխութեան, Այլապէս Անոնց Մասնակցիլը Անիմաստ Է

Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները պէտք է յանգեցնեն իշխանափոխութեան, հակառակ պարագային` ՀՅ  Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը անոնց անիմաստ պիտի ըլլայ:

Ռուստամեան միաժամանակ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առնչութեամբ վերջնական որոշում պիտի տրուի կուսակցութեան Գերագոյն ժողովին ընթացքին, որ ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ 25 դեկտեմբերին:

Ռուստամեան անհիմն նկատեց այն խօսակցութիւնները, թէ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ նոյնինքն իր թեկնածութիւնը: Ան ընդգծեց, որ այսպիսի որոշումներ Գերագոյն ժողովը կու տայ, եւ ինք չի կրնար որեւէ կանխատեսում կատարել:

Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը Դաշնակցութեան համար ինքնանպատակ չէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը լուրջ մրցակից ունի՞, Ռուստամեան նշեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը ամբողջովին կ՛օգտագործէ պետական լծակները, եւ այդ պայմաններուն մէջ մրցակցութեան մասին խօսիլը, մեղմ ըսած, միամտութիւն է:

«Քաղաքական ուժերը պէտք է հաւասար կարելիութիւններ ունենան, սակայն անոնք այսօր չկան», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )