Հայաստանի «Ամէնէն Աւելի Մարզական» Քաղաքը` Վանաձորն Է
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 2012-ին տեղի ունեցած մարզական փառատօնի արդիւնքները:
Առաջին պատուաւոր դիրքը գրաւած եւ ամէնէն աւելի մարզական քաղաքը հռչակուած է Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքը: Երկրորդ հանդիսացած է Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքային համայնքը: Վերջապէս, եռեակը եզրափակած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքը:
Բացի այս փառատօնէն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած են ռազմամարզական խաղեր, կատարուած է Հայաստանի վարչապետի բաժակի մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի մարզական նախաձեռնութիւններ:
CATEGORIES Մարզական

