Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամի Յաջորդ Մենամարտը` 6 Ապրիլ 2013-ին
PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ յառաջիկայ տարի` 6 ապրիլ 2013-ին, ճակատելով Ռապըրթ Շթիկլիցի դէմ:
Անոնք նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 25 օգոստոսին, եւ իրաւարարներուն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ Աբրահամ ու անոր տրուեցաւ WBO-ի գօտին:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Աբրահամ պաշտպանեց WBO-ի ախոյեանի տիտղոսը, երբ արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 36-րդ յաղթանակը` յաղթելէ ետք ֆրանսացի Մեհտի Պուատլայի:
CATEGORIES Մարզական

