Հաղորդագրութիւն

Արցախի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման աշխատանքներուն «Լիբանանի Արցախ Ֆոնտ»-ին մասնակցութիւնը լիբանանահայութեան ազգաշէն գործունէութեան ամէնէն պատուաբեր էջերէն մէկը կը կազմէ: «Ֆոնտ»-ին երկարամեայ գործունէութիւնը, անցնող տարի, շարունակուեցաւ լայն թափով եւ օժանդակութեան նոր մարզերու ընդգրկումով: 2012 տարուան աւարտին կ՛արժէ հաշուետուութեան կարգով ներկայացնել հետեւեալ աշխատանքները.

Ա. Ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման եւ բնակիչներու կենցաղային բարելաւման նպաստող «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի ծիրին մէջ, 2012-ին բաժնուեցան 154 կովեր` անցնող տարիներու ընթացքին բաշխուած կովերուն թիւը հասցնելով 646-ի: Յայտնենք, որ Արցախի կառավարութեան առաջարկով` լիբանանահայութեան անունով կով մը կը նուիրուի իւրաքանչիւր երրորդ եւ աւելի նորածինով բախտաւորուած ընտանիքին: Այս իմաստով, անցնող ամառ, Արցախ գործուղուած խումբ մը երիտասարդներ կատարեցին կովերու բաշխումը եւ նախապէս բաշխուած կովերու ստուգումները:

Բաժնուած Կովեր

2007-8 2009 2010 2011 2012
Մարտակերտ 6 17 10 7 6
Մարտունի 3 4 4 2 8
Ասկերան 2 3 2 1 2
Հատրութ 1 4 3
Շահումեան 18 30 63 30 33
Քաշաթաղ 56 92 80 57 102
Ընդհանուր   86 146 159 101  154

Բ. Հինգերորդ տարին ըլլալով իրագործուեցաւ Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան առաջարկով կեանքի կոչուած «Գոյք Արցախի դպրոցներին» ծրագիրը, որուն շնորհիւ լիբանանահայ աշակերտութեան նուիրատուութեամբ այժմ կահաւորուելու եւ համակարգիչներով օժտուելու ընթացքին մէջ է 1994-ի մայիսին ազատագրուած Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին դպրոցը: Այս նպատակին իրագործումին համար «Արցախ ֆոնտ»-ը լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ խորհրդանշական գումարներով վաճառեց Ջիւան Աւետիսեանի «Արցախ, թաքնուած գանձ» ժապաւէնը, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը տրամադրուեցաւ յիշեալ ծրագիրին:

Գ. Յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով, 20 յուլիսէն 5 օգոստոս լիբանանահայ 9 դպրոցներէ 19 աշակերտներ Արցախ մեկնեցան` Արցախի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպած «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարին մասնակցելու: Անոնք հայ զինուորի առօրեան կիսելով առիթը ունեցան արցախցի իրենց տարեկից աշակերտներու եւ արցախեան բանակի ներկայացուցիչներու հետ շփուելու, ինչպէս նաեւ այցելելու Արցախի պատմական ու հերոսական վայրերը:

Դ. Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Թրփանճեան ֆոնտ»-ին հետ գործակցաբար, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի բնակչութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով, «Լիբանանի Արցախ ֆոնտ»-ը նիւթական յատկացում կատարեց գիւղի մանկապարտէզի որոշ բաժիններու վերանորոգութեան: Չինարի գիւղը մնայուն կերպով ենթակայ է ազրպէյճանական հրետակոծութեան: Յունիսին գիւղը ծանր օրեր ապրեցաւ, երբ ազրպէյճանական կողմը զինադադարը խախտելով` պատճառ դարձաւ 3 հայորդիներու նահատակութեան եւ 6 զինուորական ծառայողներու վիրաւորուելուն: Հետեւաբար, «Ֆոնտ»-ին կատարած օժանդակութիւնը մեծապէս նպաստեց գիւղի բնակիչներուն բարոյահոգեբանական տրամադրութիւններուն բարձրացման եւ հողին ու հայրենիքին կառչածութեան:

Ե. Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին հետ գործակցաբար, «Ֆոնտ»-ը կատարեց Քաշաթաղի շրջանի առողջապահական կացութեան ու կարիքներու ուսումնասիրութեան աշխատանք եւ պատրաստեց համապատասխան թղթածրար, որուն հիմամբ պիտի մշակուի շրջանի առողջապահական մակարդակի բարելաւման համապարփակ ծրագիր մը:

Այս բոլոր ծրագիրները իրականութիւն դարձան շնորհիւ լիբանանահայութեան նիւթաբարոյական անվերապահ ու գիտակից աջակցութեան, որ միշտ կ՛արտայայտուի ընթացիկ նուիրատուութիւններով, «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին համար նախատեսուած կտրօններու ամսական դրութեամբ սպառումով եւ «Լիբանանի Արցախ ֆոնտ»-ին 9 մայիսին իրագործած տարեկան ռատիոթոնին լիաբուռն մասնակցութեամբ:

Հատրութ           1     –     –     4     3

 «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )