«Մեծ Յուսախաբութիւն Կը Զգանք, Որովհետեւ Իսրայէլ Իր Բնակեցման Աշխատանքները Կը Շարունակէ» Կ՛ըսէ Նուլընտ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յուսախաբ են Իսրայէլի կողմէ բնակեցման աշխատանքներու շարունակումէն: Ան այդ հարցը «գրգռիչ արարք» նկատեց:
Նուլընտ նշեց, որ «Իսրայէլի ղեկավարները միշտ կ՛ըսեն, որ երկու պետութիւն լուծումին առաջնորդող հոլովոյթին կ՛աջակցին, սակայն այս արարքները այդ նպատակը վտանգի կ՛ենթարկեն»:
Ան դարձեալ կոչ ուղղեց «Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն որեւէ ոչ շինիչ ու միակողմանի միջոցառումներէ խուսափելու եւ ուղղակի բանակցութիւններու վերադառնալու շօշափելի քայլերու դիմելու»:
Նուլընտ շեշտեց, որ բնակեցման վայրերու հարցը լուծելու լաւագոյն ձեւը իրենց ապահովական կացութեան եւ իրենց միջեւ սահմանին շուրջ պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ փոխզիջումային լուծումն է: «Այդ է ճիշդ ուղին, եւ չենք ուզեր կողմերէն ոեւէ մէկէն գրգռիչ արարքներ տեսնել», ընդգծեց Նուլընտ:
«Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ յաւելեալ 2600 բնակարաններ կառուցելու որոշում մը որդեգրուած է: Նշենք, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանչցող որոշումին որդեգրումէն ետք նմանօրինակ 3-րդ որոշումն է, որ կ՛որդեգրէ:

