Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Պուսթ» Կեդրոնին Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին

Տարեկան իր սովորութեան համաձայն, «Եուրեքա Պուսթ» կեդրոնը (Ռապիէ) կը կազմակերպէ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` կիրակի, 23 դեկտեմբերին, 12 տարեկան եւ վար դասակարգերուն մէջ:

Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մրցաշարքը պիտի սկսի առաւօտեան ճիշդ ժամը 10:00-ին: Անիկա պիտի աւարտի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, երբ տեղի ունենան 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:

Արձանագրութեան սակ ճշդուած է 10 ամերիկեան տոլար, իսկ մրցաշարքին կայացման վայրն է Ռապիէ 3, փողոց 28, շէնք 593:

Արձանագրութեան համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ անձերուն. Եումնա Աքըլ (70-776148 եւ 04-521126) եւ Սուհէյլ Հատտատ (03-248507):

Անունները արձանագրելու վերջին պայմանաժամն է շաբաթ, 22 դեկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )