50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1962)

Թրքական Հեքիաթ

Իբր Թէ Հայացած Թրքուհի Մը
50
Տարի Վերջ Գտած Է Իր Ծնողքը

Պոլսոյ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ հետեւեալ հեքիաթը.-

Կին մը, որ ասկէ յիսուն տարի առաջ հինգ տարեկան եղած ատեն Ֆրանսա առեւանգուած էր, երէկ առաւօտ իր ամուսնին եւ փեսային հետ երկիր վերադարձաւ: Բայց նկատելով, որ ներկայիս Ռեբեկա Տօնիկեան անունը կրող այդ կինը ոչ մէկ երկրի անցագիր ունի, Եշիլ գիւղի անցագիրի պաշտօնեաները զինքը անմիջապէս սահմանէն դուրս հանել ուզեցին, բայց ներքին նախարարութիւնը արտօնեց, որ կինը երկու օր եւս մնայ Թուրքիա:

Տիկին Տօնիկեան թերթի թղթակցին յայտած է, թէ ծագումով թուրք եւ իսլամ է, հակառակ իր հայու անունին ան տուած է իր ազգականներուն անունները Թուրքիոյ մէջ եւ հետեւեալ ձեւով պատմած է իր հայացման պատմութիւնը:

– Ընտանիքս, որ աղքատ էր, զիս իբրեւ հոգեզաւակ յանձնած էր զինուորականի մը ընտանիքին, որուն հետ Պոլիս եկանք Էտիրնէէն, Պեշիկթաշ հաստատուեցանք: Այդ օրերուն, Անատոլուի կարգ մը նահանգներուն մէջ հայերու եւ թուրքերու միջեւ պայքարը եւ վէճը կը շարունակուէին: Պոլսոյ մէջ ալ անգլիական գործակալները հայերը հովանաւորելով անոնց կ՛օգնէին, որ Եւրոպա փախչին: Այդ օրերուն, երբ կը խաղայի թաղին մէջ, անգլիացիները զիս հայ կարծելով առեւանգեցին ու յանձնեցին հայ ընտանիքի մը, որ Թուրքիայէն խոյս կու տար: Բնիկ ատանացի ընտանիքին հետ Ֆրանսա գաղթեցինք ու Փարիզ հաստատուեցանք: Հակառակ անոր որ հոն ամբողջովին հայերու հետ ապրեցայ ու Տօնիկեան անունով հայու մը հետ ամուսնացայ, օր մը իսկ չմոռցայ թրքութիւնս, երկար տարիներ ջանացի գտնել ընտանիքիս անդամները եւ վերջապէս անցեալները գտայ մեծ եղբայրներս եւ մեծ քոյրս:

 

Հաղորդագրութիւն

Սուրէն Խանամիրեան Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Ազգային
Բարերարներ

Չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 1962-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարուեցաւ Լիբանանի Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովը` նախագահութեամբ Առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսի եւ ատենապետութեամբ Վահէ Սէթեանի:

Օրակարգի հարցերն էին.-

1.- 1962-ին իրականացած պիւտճէի քննութիւն.
2.- 1963-ի պիւտճէի վաւերացում.
3.- Քաղաքական ժողովոյ զեկուցում.
4.- Սուրէն Խանամիրեան եւ Լեւոն Սոֆիա Յակոբեան քոլեճներու շինութիւն.
5.- Առաջնորդարանի նոր շէնքի շինութիւն.

Քննուեցան եւ վաւերացուեցան 1962-ին իրականացած եւ 1963-ի պիւտճէները:

Գաւառական ժողովը լսելէ յետոյ Քաղաքական ժողովոյ զեկոյցը` ի մօտոյ կառուցուելիք Սուրէն Խանամիրեան եւ Լեւոն Սոֆիա Յակոբեան զոյգ քոլեճներու շինութեան մասին, առաջինը` Ս. Նշանի հողին վրայ եւ երկրորդը` Պուրճ Համուտի ազգապատկան հողին վրայ, միաձայն որոշումով ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ հռչակեց Սուրէն Խանամիրեանն ու Սոֆիա Յակոբեանը` առ ի գնահատութիւն իրենց իշխանական ընծայաբերութեանց:

Նոյնպէս միաձայնութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ որոշուեցաւ նոր եւ արդիական Առաջնորդարանի մը շինութիւնը Ս. Նշանի հողին վրայ, որուն յատակագիծն ու գումարը պատրաստ են:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

20 դեկտեմբեր 1962
Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )