Եւրոպահայերու Գ. Համագումարը Տեղի Պիտի Ունենայ Պրիւքսելի Մէջ` 4 – 5 Մարտ, 2013-ին
Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւրոպահայերու Գ. համագումարը, որուն երկրորդ մասը` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 4-5 մարտ, 2013-ին: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսելի մէջ:
Առաջին նիստը, երկուշաբթի, 4 մարտին, պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսիք են` դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ճակատին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ դրժումի քրէականացումը, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Այս առաջին մասի պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:
Յաջորդ օրուան` 5 մարտին համագումարը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նիստը, որ նաեւ կը կրէ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի` Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հովանաւորութիւնը, պիտի քննարկէ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիրները կանխելու եւ մարդիկը պաշտպանելու առումով` նիւթ ունենալով «Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնքը»: Նաեւ պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի նոր հեռանկարները:
Այս օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ’ունենան, Հայաստանի համարկումը եւրոպական չափանիշերուն ա՛լ աւելի կը մօտենայ, Եւրոպահայերու Գ. համագումարը յարաբերութեանց բոլոր երեսները պիտի քննարկէ, զրուցէ եւ առաջարկէ յառաջ երթալու նոր ուղիներ:
Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ` քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոպական Միութենէն եւ թէ՛ Հայաստանէն:
Եւրոպահայութեան Գ. համագումարը կը կազմակերպուի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տրուին հետագային:

