Հաղորդագրութիւն
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ին: Իր ընթացիկ օրակարգէն դուրս, Ազգային երեսփոխանական ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ ծաւալող դէպքերուն եւ մտահոգութիւն յայտնեց տեղի ունեցող բռնարարքներուն ու վայրագ իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Ժողովականները մաղթեցին, որ խաղաղութեան առաջնորդող ճիգերը շուտափոյթ կերպով արդիւնաւորուին եւ Սուրիան վերագտնէ իր անդորրութիւնը:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաժամանակ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայերուն ի նպաստ համագաղութային մակարդակի վրայ տարուող օգնութեան աշխատանքներուն Ազգային առաջնորդարանի մասնակցութեան եւ թելադրեց, որ Ազգային իշխանութեան մարմինները ճիգ չխնայեն օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայ մեր ազգակիցներուն: Այս գծով, ժողովը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն հոգատարութեան համար, որ Ազգային ուսումնական խորհուրդը կը ցուցաբերէ Ազգային վարժարաններ ընդունուած հարիւրաւոր աշակերտներուն նկատմամբ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Պէյրութ, 20/12/2012

