«Բագին». Ամանորեան Բարեմաղթութիւններ Եւ Համահայկական Մտորումներ

Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի աշխատակիցներ, զրոյց-հանդիպումներու մասնակցողներ եւ բարեկամներ համախմբուած էին «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ` մտերմիկ հաւաքոյթի մը ճամբով եւ ամանորեան բարեմաղթութիւններու ընդմէջէն հայութիւնն ու յատկապէս գրական աշխարհը յուզող հարցերու մասին խորհրդածելու:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ անդրադարձաւ «Բագին»-ի 50-ամեակին, այդ առիթով կատարուած աշխատանքներուն, յատկապէս յատուկ թիւին: Ապա ան անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է հայ գրականութիւնն ու ընթերցանութիւնը ընդհանրապէս եւ «Բագին»-ը մասնաւորաբար:

Յ. Պալեան ներկաներուն տեղեկացուց գրողներու համագումարի մը կազմակերպման ծրագիրի մը գոյութեան մասին` անդրադառնալով սփիւռքահայ մակարդակով նման ձեռնարկի մը կարեւորութեան:

Ապա մտերմիկ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան հայութիւնը յուզող եւ անոր սպառնացող բազմաթիւ հարցեր ու մտահոգութիւններ, ինչպէս` անտարբերութեան առկայութիւն, մղիչ ուժի չգոյութիւն, օտարամոլութեան սաստկացում, հայկական արժէքներու եւ ազգային հիմնահարցերու նկատմամբ մակերեսային մօտեցում, երիտասարդ գրողներու անբաւարար թիւ եւ այլն: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ նոր ժամանակներուն պէտք է մարտահրաւէրներուն մօտենալ նոր ռազմավարութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել դժուարութիւնները եւ ջահը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Share this Article
CATEGORIES