Հոլլանտ Ալճերիացիներէն Ներում Չէ Հայցած

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է այն դաժանութիւնները, որոնց գաղութատիրական ժամանակաշրջանին ենթարկուած է Ալճերիան:

Ան նշած է, որ ալճերիացի ժողովուրդը «132 տարի գտնուած է դաժան եւ անարդար համակարգի մը ազդեցութեան տակ»:

Սակայն պաշտօնական այցելութեամբ Ալճերիա գտնուող Հոլլանտ ալճերիական որոշ կուսակցութեանց ակնկալածին համեմատ պաշտօնապէս ներողութիւն չէ խնդրած գաղութատիրական անցեալին համար: Այդ կուսակցութիւնները Ֆրանսայի կոչ ուղղած էին «յանցաւոր դարաշրջանին» համար ներում հայցելու:

«Պատմական անցեալը պէտք է գիտնալ, սակայն անիկա պէտք չէ ապագայի ճամբուն վրայ խոչընդոտ դառնայ», ըսած է Հոլլանտ:

Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, թէ կ՛ուզէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ իրարահաւասար յարաբերութիւններ ըլլան եւ «առեւտուրի դարաշրջանը» սկսի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )