ՀՅԴ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԱՊՀ-Ի, ԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 2-3 մայիսին Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանի յանձնախումբի հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին ամփոփուեցան անցեալ տարի Երեւանի եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հանդիպման հիմնական նիւթերն էին ԱՊՀ երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ խօսքի ազատութեան ապահովումը, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական զարգացման հիման վրայ ապագայի ծրագիրի մշակումը, խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը, շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծումը: Հանդիպումին մասնակիցները զեկուցումներ ներկայացուցին իրենց երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան խնդիրներուն եւ այլ հրատապ հարցերու վերաբերեալ, օրինակ` Պիելոռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, որ կը շարունակէ ճգնաժամային մնալ:

Հանդիպումը վարեց Ազատ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը ներկայացուցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան, Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Share this Article
CATEGORIES