Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Լիբանանի Եւ Աշխարհի Տարիքային Ախոյեանութեան Մրցումներուն Մասնակցողները

Ձախէն աջ. Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան եւ Քարլօ Դարբինեան` Նեպիլ Պատրի հետ

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ), Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Լիբանանի տղոց ախոյեանութեան եւ աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցողները:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր եւ ֆետերասիոնին անդամները, Իրաքի նախկին նախարար Քուլու Սընժարի, մարզական լրագրողներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ:

Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց մարզական լրագրող Ռիատ Իթանի:

Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Խիամի եւ Պատր, որոնք շնորհաւորեցին երկու ախոյեանութիւններուն բոլոր մասնակցողները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Ապա, աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան մասնակցողներուն տրամադրուեցան յատուկ վկայագիրներ եւ նիւթական պարգեւներ:

Այդ ախոյեանութեան մասնակցած էին Նանօր Առնելեան, Մոհամետ Քապալանա, Հրակ Լախեան, Իպրահիմ Շահրուր, Քարլօ Դարբինեան, Ռիհամ Սալեհ եւ Ապտել Լաթիֆ Հասան:

Ապա, Լիբանանի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ Շարլ Քէյլ իրաւարարի վկայագիր յանձնեց հետեւեալ վկայեալներուն. Ռոլան Ախրաս, Ռալֆ Իգնատիոս, Էլի Խուէյրի, Էլի Հաննա, Մոհամետ Նեպիհ Հըլուանի, Քարիմ Մունիր եւ Սալահ Համզէ:

Վերջապէս, Լիբանանի ախոյեանութեան առաջին երեք դիրքերը գրաւած անձերը իրենց տիտղոսները, վկայագիրները եւ նիւթական պարգեւները ստացան:

Նշենք, որ ախոյեան հանդիսացաւ Ֆայսալ Խէյրալլա, իսկ փոխախոյեան` Ամրօ Ժաուիշ: Երրորդ դիրքը գրաւեց Անթուան Քասսիս:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )