Գիտական. Աշխարհի Տարածքին Բեւեռային Հսկայ Սառցակոյտերը Սկսած Են Արտասովոր Արագութեամբ Կծկուիլ` Ընդհանրական Ջերմացման Պատճառով

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նոյեմբերի վերջաւորութեան բրիտանացի խումբ մը կլիմայագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ վերջերս բեւեռային սառցակոյտերը սկսած են արագօրէն հալիլ` պատճառ դառնալով ծովու մակերեսին ուշագրաւ կերպով բարձրանալուն:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ ծովու մակերեսին աննախատեսելի արագութեամբ բարձրացումը կրնայ բարձրացնել աղիտալի ջրհեղեղներու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը: Այսուհանդերձ, նման ջրհեղեղներ կրնան հողի լայնատարած սահանքներ յառաջացնել, ինչպէս նաեւ կը վնասեն հունձքերուն ու ծովային կեանքին:

Պէտք է նշել նաեւ, թէ ջրհեղեղները պատճառ կը դառնան ծովեզերեայ շրջաններու մէջ ապրող միլիոնաւոր մարդոց` լքելու իրենց բնակավայրերը եւ համեմատաբար ապահով վայրեր փոխադրուելու:

Մասնագէտները մանրամասնօրէն քննարկած են վերջին քսան տարուան ընթացքին արբանեակներու միջոցով բեւեռային սառոյցներուն մասին ձեռք ձգուած տեղեկութիւնները եւ գտած են, թէ բեւեռային բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի հարաւային բեւեռին արեւելեան բաժինէն, տարբեր տարողութեամբ սառցակոյտեր հալած են:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ Էնտրու Շեֆըրտ նշած է, թէ քսան տարուան մէջ Կրինլենտի մէջ հալած է տարեկան հարիւր յիսուներկու միլիառ թոն սառոյց, հարաւային բեւեռին արեւմտեան բաժինին մէջ` տարեկան վաթսունհինգ միլիառ թոն սառոյց, իսկ հարաւային բեւեռի թերակղզիին մէջ` տարեկան քսան միլիառ թոն սառոյց: Ինչ կը վերաբերի հարաւային բեւեռին արեւելեան բաժինին սառոյցին, ապա անիկա քսան տարուան մէջ տարեկան տասնչորս միլիառ թոն յաւելում ունեցած է:

Բրիտանացի սառցագէտ Ալեքսանտր Ռոպինսըն ըսած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութիւնը առաւել եւս կը հաստատէ, որ ընդհանրական ջերմացման պատճառով ուշագրաւ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան բեւեռային շրջաններուն մէջ:

Թէեւ նշեալ ուսումնասիրութեան միջոցով կարելի եղած է որոշ չափով յատուկ տուեալներ ձեռք ձգել, բայց եւ այնպէս տակաւին ամբողջական չեն այդ տուեալները եւ անհրաժեշտ են յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` մանրամասնելու համար այդ շրջաններուն մէջ արագօրէն տեղի ունեցող կլիմայական փոփոխութիւններուն ընթացքը:

Երեք Տարբեր Տուեալներու
Համադրում

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտ Շեֆըրտ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը արբանեակային երեք սարքերու միջոցով ձեռք ձգած են երեք տարբեր տուեալներ` սառցակոյտերուն առնչուող: Սարքերէն մէկը տեղեկութիւններ հաւաքած է սառցակոյտերուն ստացած ձեւերուն մասին, ինչպէս նաեւ` ժամանակի ընթացքին այդ ձեւերուն կրած փոփոխութիւններուն մասին: Երկրորդ սարքը չափած է սառցակոյտերուն կազմութեան արագութիւնը, իսկ երրորդը` անոնց ծանրութիւնը` չափելով երկրագունդին ձգողական ազդեցութեան շրջանակը:

Ցարդ նշեալ տուեալները արժեւորող աւելի քան երեսուն ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ տարբեր դիտանկիւններէ սերտուած ու քննարկուած են սառցակոյտերուն կրած փոփոխութիւններուն ընթացքը: Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները կրցած են համադրել եղած քննարկումները` աւելի վաւերական կերպով արժեւորելու համար վերջին քսան տարուան ընթացքին բեւեռային սառցակոյտերուն կրած փոփոխութիւնները:

Նաեւ նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները ճշգրիտ կերպով համընկնած են ներկայիս բեւեռներուն մէջ կատարուող կլիմայական փոփոխութիւններուն: Այսպէս, օրինակ, մասնագէտները յայտնած են, թէ ներկայիս Կրինլենտի սառցակոյտերուն հալելու գործընթացը հինգ անգամ աւելի արագացած է, քան` քսան տարի առաջ. այսուհանդերձ, հիւսիսային բեւեռին հետզհետէ բարձրացող ջերմաստիճանները կը հաստատեն նշեալ երեւոյթին վաւերականութիւնը:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ հարաւային բեւեռին արեւմտեան բաժինին մէջ սառցակոյտերուն անհետացման գործընթացը արագացած է գլխաւորաբար ա՛յն շրջաններուն մէջ, ուր ովկիանոսին ջուրերուն ջերմաստիճանները սկսած են հետզհետէ բարձրանալ:

Ծաւալո՞ղ, Թէ՞ Կծկուող
Սառոյցներ

Իսկ ինչ կը վերաբերի հարաւային բեւեռին արեւելեան բաժինին, ապա այնտեղ որոշ տարողութեամբ աւելցած է սառցակոյտերուն ծաւալը` նկատի ունենալով, որ կլիմայական փոփոխութեան պատճառով այնտեղ հետզհետէ նուազող ջերմաստիճանները բարձրացուցած են ձիւնին տարողութիւնը: Սակայն նշեալ բաժինին մէջ սառցակոյտերուն ծաւալին աճը բաւարար չէ` փոխարինելու համար հարաւային բեւեռին մնացեալ բաժիններուն մէջ հսկայ տարողութեամբ ու արագօրէն հալող սառցակոյտերը:

2007-ին կլիմայական փոփոխութիւններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ նշեալ ծիրին մէջ իրենց ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ յայտնած են, թէ վստահ չեն, թէ հարաւային բեւեռին սառոյցները սկսած են ծաւալի՞լ, թէ՞ կծկուիլ: Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները յստակօրէն կը հաստատեն հարաւային բեւեռին սառցակոյտերուն կծկուելու իրողութիւնը:

Ծովու Մակերեսի Ուշագրաւ
Բարձրացում

Այլ մասնագէտ մը` Քեւըն Թրենպերթ ըսած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ ընդհանրական ջերմացումը ունի իր դերակատարութիւնը սառցակոյտերուն հսկայ տարողութեամբ անհետացման մէջ, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ ծովու մակերեսին բարձրանալուն:

Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, 1992-էն ի վեր հետզհետէ կծկուող բեւեռային սառցակոյտերը պատճառ դարձած են ծովու ընդհանրական մակերեսին մօտաւորապէս 11,1 միլլիմեթր բարձրանալուն, ինչ որ մօտաւորապէս քսան առ հարիւր համեմատութիւնը կը կազմէ նշեալ ժամանակահատուածին մէջ տարբեր պատճառներով ծովու ընդհանրական մակերեսին բարձրացած տարողութեան:

Կլիմայական Փոփոխութեան
Նախատեսութիւններ

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտներ յայտնած են, թէ ծովու ընդհանրական մակերեսը սկսած է տարեկան 3,2 միլլիմեթր բարձրանալ: Նախապէս նշեալ պատկերը տարեկան երկու միլլիմեթր եղած է: Այլ խօսքով, ծովու մակերեսին բարձրանալու գործընթացը վաթսուն առ հարիւր համեմատութեամբ արագացած է:

Մասնագէտները նշած են, թէ ծովու մակերեսին բարձրանալը յաւելեալ ուժգնութիւն կու տայ աղիտալի փոթորիկներուն: Այսպէս, օրինակ, երբ Սենտի ոլորամրրիկին նման փոթորիկներ յառաջանան, ապա բարձրացած մակերես ունեցող ծովերը կը կազմեն այնպիսի՛ հսկայ ալիքներ, որոնք կործանարար ջրհեղեղներ կը յառաջացնեն:

Մասնագէտ Շեֆըրտ ըսած է, թէ նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները կրնան լաւապէս օգտակար դառնալ կլիմայագէտներուն` կլիմայական փոփոխութեան հետ առնչուած համեմատաբար ճշգրիտ նախատեսութիւններ կատարելու` այդպիսով նպաստելով շատ աւելի վաւերական նախատիպերու պատրաստութեան:

Ան նշած է նաեւ, թէ կլիմայական փոփոխութիւններու հետ առնչուած տարբեր ուսումնասիրութիւններէ ձեռք ձգուած տուեալներու համադրումը շատ աւելի վաւերական կը դարձնէ նշեալ ծիրին մէջ կատարուելիք նախատեսութիւնները:

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )