Իտալիա Իր Արտաքին Պարտքը Վճարելու Հնարք Մը Գտած Է

«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ կառավարութեան պատկանող հարիւրաւոր մշակութային յուշարձաններ, շինութիւններ, բանտեր եւ զօրանոցներ երկրին արտաքին պարտքը կրճատելու նպատակով այսուհետեւ վարձու պիտի տրուին:

Ըստ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի տուեալներուն, կառավարութիւնը արդէն ընտրած է 350 շինութիւն, որմէ ետք ալ պիտի սկսի նոր ծրագիրի իրականացումը: Սակայն ընդհանուր առմամբ ծրագրուած է վարձու տալ 4300 շինութիւն, որոնց շարքին են նաեւ միջնադարեան դղեակներ:

Մշակութային յուշարձանները վարձու տալու որոշումը կը նկատուի խնդիրի լուծման ամէնէն արդիւնաւէտ տարբերակը` միեւնոյն ժամանակ կարելիութիւն տալով պահպանելու պատմական արժէքները:

«Նոյնիսկ 50-ամեայ վարձակալութիւնը շատ աւելի յարմար է, քան վաճառքը` հաշուի առնելով անշարժ գոյքի շուկային մէջ հաստատուած գիները», կ՛ընդգծէ պարբերականը:

 

Share this Article
CATEGORIES