ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին, երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչում:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ առաջին դասարանի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած կենդանի պատկերով մը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան, մշակութային եղեռնին ու հայկական պահանջատիրութեան մասին տեսերիզ մը:
Ապա 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սիամանթոյի «Մահուան տեսիլք» ստեղծագործութիւնը, որուն յաջորդեց 6-րդ դասարանէն Լիւսի Ղարիպեանի կատարողութեամբ դաշնակով նուագ մը: 4-րդ դասարանի աշակերտուհի Ծովակ Քէօշկերեան արտասանեց «Երբ քալեցիր»ը, մինչ իսկ 6-րդ դասարանը` Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այդտեղ» բանաստեղծութիւնը:
Զոյգ արտասանութիւններէն ետք, Հարպոյեան վարժարանի երգչախումբը «Կիլիկիա»ն երգեց, որմէ ետք 7-րդ դասարանէն Յակոբ Քէօշկերեան արտասանեց «Հայոց ճակատագիրը»: Երաժշտական յայտագիրը շարունակուեցաւ Գէորգ (ջութակ) եւ Սերժ (թաւջութակ) Ներսէսեաններու նուագով:
Օրուան պատգամախօսն էր Արմէն Իւրնէշլեան, որ նշեց, թէ պէտք է Հայկ Նահապետի սկսած ուղին շարունակել ու հետեւիլ նահատակներու կանչերուն` պահպանելու համար հայութիւնն ու հայկականութիւնը: Իւրնէշլեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ հայութեան իրաւուքներու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ ունի իր դերակատարութիւնը: Արմէն Իւրնէշլեան խօսքի աւարտին ըսաւ, որ պէտք է պահպանել հայութեան լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով 3-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին «Ուխտ Արարատին». արտասանութեան հետ ցուցադրուեցան Արարատին լուսանկարները, մինչ երկրորդ դասարանէն աշակերտներ արտասանեցին «Թող յաւերժ ապրին»ը: Իսկ 4-րդ դասարանը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի ներկայացում-բանաստեղծութիւնը:
Վերջապէս, մանկապարտէզի աշակերտներու «Քայլենք միասին» երգով ու ներկայացումով մը փակուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը:
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած աշակերտական ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօսին եւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն: