Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Իրանը Կ՛ամբաստանէ ՔԱԿ-ի Անդամներուն Ապաստան Տալու Եւ Աջակցելու Յանցանքով
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին Իրանը ամբաստանեց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամներուն ապաստան տալու եւ աջակցելու յանցանքով:
Շահին «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իրան իր հողերը առանց կաշկանդումի կը բանայ ՔԱԿ-ի զինեալներուն առջեւ` Թուրքիոյ դէմ գործելու համար, եւ վերջերս նկատուեցաւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Իրանի ճամբով իր յարձակումները աշխուժացուցած է, իսկ Իրան (անոնց շարժումները կասեցնելու համար) սահմանային շրջաններուն մէջ ապահովական միջոցառումները չամրապնդեց»:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նշեց, որ «ՔԱԿ եւ անոր քաղաքական թեւը` Քրտական հասարակութեան դաշնակցութիւնը Իրանը կ՛օգտագործեն իբրեւ պաշտպանութեան զօրանոց մը, որ կը ծառայէ իբրեւ երթեւեկի, մարզումի, զինուորագրման, իրենց անհրաժեշտ դրամահաւաքի, ինչպէս նաեւ զէնք ու զինամթերք ստանալու կեդրոնատեղի»:
Շահին ըսաւ, որ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ թրքական բանակի յարձակումներուն պատճառով վիրաւորուած ՔԱԿ-ի անդամները Հաքեարիի սահմանակից իրանեան հողամասերու մէջ գտնուող զօրանոց մը կը փոխադրուին: