Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, լիբանանեան ընդդիմութիւնը համաձայնութիւն մը գոյացուցած է ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական հանդիպումներուն իր մասնակցութիւնը վերսկսելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքը կը քանդէ Լիբանանը` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ազգային խաբեբայութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել` աւելցնելով, որ երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները ինչ հիման վրայ որ ալ կատարուին, իրենք յաղթանակ պիտի արձանագրեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Մարուան Համատէ ամիսներ առաջ այցելած է Փարիզ եւ փորձած է համոզել ֆրանսական իշխանութիւնները` վարչապետ Նեժիպ Միքաթին չհիւրընկալելու ուղղութեամբ:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ իսլամներուն մօտ մեղք կը նկատուի այլ համայնքներու տօներուն նշումը: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ աշխարհիկ վարչակարգի հաստատումը ամէնէն վտանգաւորն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը ամբաստանեց ուրիշները անհաւատ նկատող սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու յանցանքով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կ՛աշխատին երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտել, որովհետեւ անոնք քաջատեղեակ են, թէ ընտրութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ իրենց պիտի չըլլայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին կարելիութեան առումով ոչ մէկ տուեալ գոյութիւն ունի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ ինք պիտի ներկայացնէ գումակային ծրագիր մը, որուն լոյսին տակ վերջերս Սուրիայէն Լիբանան հասած պաղեստինցի գաղթականները պիտի վերադառնան Սուրիա:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը միտին երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքին մասին սկսած քննարկումները պիտի շարունակուին Նոր տարուան առաջին շաբթուան ընթացքին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու հարցերու նախարար Ղազի Արիտի հաստատեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան յայտարարած նախաձեռնութեան գործադրութեան ջանքերուն պիտի վերսկսին մօտիկ ապագային: Ան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի վերսկսի իր աշխատանքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հանդիպելէ ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, յայտնեց, որ Թեհրան յանձնառու կը մնայ բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան ընդդիմութեան վերադառնալու երկխօսութեան` յանգելու համար արդար ներկայացուցչութիւն մը ապահովող ընտրական օրէնքի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ընդգծեց, որ Դիմադրութեան համար թշնամի Իսրայէլին դէմ դնելը առաջնահերթութիւն էր եւ կը մնայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ արաբական դիմադրութեան ռազմավարական խորքը Իրանն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ սահմաններու փակումը անկարելի է` աւելցնելով, որ իրեն համար զարմանալի են ազգային երկխօսութիւնը մերժող բոլոր կեցուածքները:

