«Էն. Պի. Էյ.»-ի Աւարտական. Սփըրզ – Հիթ` 2-1

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին (ընդամէնը` 7 մրցում), Սան Անթոնիօ Սփըրզ 113-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Մայեմի Հիթը:

Առաջին մրցումին, Սփըրզ արձանագրած էր 92-88 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ երկրորդին Հիթ` 103-84 արդիւնքով:

Երէկուան այս մրցումին Սփըրզի մարզիկներէն Տենի Կրին նշանակեց 27 կէտ, իսկ Հիթէն Տուայն Ուէյտ` 15 կէտ:

Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, Սան Անթոնիոյի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )