Խեսուս Նաւաս Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սպանացի յառաջապահ Խեսուս Նաւաս իր ակումբը` Սեւիլլան լքելով միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի:

«Փրեմիեր լիկ»-ի խումբին միանալով` 27 տարեկան Նաւաս իր կողքին պիտի ունենայ իր ազգակիցը` Տաւիտ Վիյան:

Թէեւ Սիթիի կողմէ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ անոր փոխանցման մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցման համար Սեւիլլա գանձեց 23,40 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ միջազգային 23 մրցումի ընթացքին Նաւաս նշանակած է 2 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES