24 Օգոստոսին. Արթուր Աբրահամ Շատ Հաւանաբար Ճակատի Վիլպերֆորս Շիխեփոյի Դէմ

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ շատ հաւանաբար 24 օգոստոսին ճակատի Վիլպերֆորս Շիխեփոյի (Նամիպիա) դէմ: Ըստ Աբրահամի մարզիչին` Ուլի Վեկների, Շիխեփոն «WBO»-ի դասաւորման մէջ կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ:

Իր խօսքին մէջ Աբրահամ ըսաւ. «Ամէն օր կը մարզուիմ ախոյեանութեան գօտին վերադարձնելու համար: Մնացածը ինծի համար կարեւոր չէ: Համակիրներս ինձմէ յաղթանակ կը սպասեն»:

Իր կատարած վերջին մրցումին, Աբրահամ ճակատեցաւ Ռոպըրթ Շթիքլիցի դէմ, որմէ պարտութիւն մը կրեց, երբ 4-րդ ռաունտին թեքնիք նաք-աութի ենթարկուեցաւ: Անոնց միջեւ առաջին մրցումին Աբրահամ յաղթանակ արձանագրած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES