Լիբանանի Հեծելարշաւի Ախոյեանութիւն. Հասան Հաժ Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի 2013-ի ախոյեանութիւնը (ճամբու)` մասնակցութեամբ 31 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին տասը ակումբներ:

Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն, ուրկէ հեծելանւորդները ուղղուեցան դէպի Թրիփոլի, ապա վերադարձ` դէպի Թապարժա, որմէ ետք դէպի Շեքքա, իսկ ժամանման գիծը կը գտնուէր Ֆիտարի մէջ (ընդամէնը` 183 քմ):

Այս մրցումը ամբողջացուցին 14 հեծելանւորդներ, որոնցմէ 11-ը` ժամանելով ճշդուած ժամանակին:

Տիտղոսին տիրացաւ Աթլեթիքօ Պէյրութի մաս կազմող Հասան Հաժ (22 տարեկան), որ արձանագրեց 5 ժամ 9′ 13″ արդիւնք մը:

Երկրորդ հանդիսացաւ Ահմետ Մրատ (Մաան Լուպնան)` արձանագրելով` 5 ժամ 16′ 58″, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սալահ Ռապպահ (5 ժամ 17′ 30″):

Այսպիսով, Աթլեթիքօ Պէյրութ ախոյեանութեան տիտղոսը պահեց իր մօտ` ապահովելով 47 կէտ: Երկրորդ հանդիսացաւ Մաան Լուպնան (33 կէտ), ապա` ՀՄԸՄ Պէյրութ (27 կէտ) եւ ՀՄՄ Սին էլ Ֆիլ (4 կէտ):

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES