Ռուբէն Հայրապետեան Փափաք Ունի Լքելու Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Իր Պաշտօնը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան փափաք ունի լքելու իր պաշտօնը:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, Հայրապետեան պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսած է. «Հայաստանի հաւաքականին յաղթանակը անսպասելի չէր: Անոնք ըրին այն, ինչ որ պարտաւոր էին ընելու: Պարզապէս, նախորդ մրցումներուն, անոնք չեն ըրած այն, ինչ որ պարտաւոր էին, եւ այժմ մեզի համար անիկա անսպասելի կը թուի: Իմ անձնական կարծիքովս, անոնք թերագնահատեցին Մալթան: Անոնք դաշտ մուտք գործեցին կարծելով, որ իրենք աւելի բարձր մակարդակի խումբ են եւ պատժուեցան: Իսկ Դանիոյ դէմ դաշտ մուտք գործեցին նուիրումով, ըրին այն աշխատանքը, զոր պարտաւոր էին կատարելու եւ ունեցան արդիւնք: Փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը չեմ տեսներ»:
Խօսելով նախագահի իր պաշտօնը լքելու մասին` Հայրապետեան ժպիտով ըսաւ. «Ազնուօրէն եթէ ըսեմ` այո: Որովհետեւ դուք կ՛ուզէք, իսկ եթէ ժողովուրդը բան մը ուզէ, ես այդ մէկը կը կատարեմ»:
Նշենք, որ Հայրապետեան 2002-էն ի վեր կը վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը:

