Իրաքի Հաւրեզք Գիւղի Հայերը Պատրաստ Են Դիմակայելու «Իսլամական Պետութեան» (ISIS) Վտանգը

0916Havrezk-1Լիբանանեան Էլ. Պի. Սի. հեռատեսիլի կայանը կը հաղորդէ, որ իրաքեան քրտաբնակ շրջանի հայաբնակ Հաւրեզք գիւղի հայերը իրենց հողագործի հագուստները հանած են եւ զանոնք փոխարինած են զինուորական տարազներով ու գնդացիրներով: Անոնք կը շրջին գիւղին մերձակայքը փնտռելով որեւէ սպառնալիք` ըլլայ այդ «Իսլամական պետութիւն»-ը կամ այլ խմբաւորում մը:

Հաւրեզք կը գտնուի Մուսուլէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մուսուլը ներկայիս կը գտնուի «Իսլամական պետութեան» իշխանութեան տակ:

Հաւրեզքցի Հայերու Ինքնապաշտպանութեան Ջոկատներէն Մէկը

Հաւրեզքցի Հայերու Ինքնապաշտպանութեան Ջոկատներէն Մէկը

Գիւղապետը ամէն գիշեր իր տան բակին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ գիւղի այր մարդոց ու երիտասարդներուն հետ` զանոնք քաջալերելու համար: Թէեւ գիւղը ապահով է, սակայն գիւղապետը կ՛ուզէ, որ այր մարդիկը կազմ ու պատրաստ ըլլան որեւէ անակնկալ զարգացում դիմակայելու:

0916Havrezk-3Նշենք, որ Հաւրեզք գիւղը հիմնուած է Վասպուրականի հերոսամարտի մասնակից խմբապետ Լեւոն Շաղոյեանի ջանքերով, 1920-ականներուն: 1970-ական թուականներուն իրաքեան բանակի եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու պատճառով գիւղի հայ բնակչութիւնը գաղթած է: Հաւրեզքը վերահիմնուած է 2005-ին,  Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սարգիս Աղաճանի ջանքերով, որ կը համակարգէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն (քաղդէացիներ, ասորիներ, հայեր) հետ քրտական վարչակարգին աշխատանքները: Քրտական աջակցութեամբ Հաւրեզքի մէջ 2005-ին կառուցուած է 115 տուն: Վերաբնակող հայերը եկած են Պաղտատէն, Պասրայէն եւ Մուսուլէն: Ներկայիս Հաւրեզքի մէջ կը բնակի 90 հայ ընտանիք:

Իրաքի մէջ հայերուն թիւը 25 հազար էր, սակայն վերջին տարիներուն ապահովական պատճառներով այդ թիւը նուազած է:

Տեսանիւթը հոս`

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )