«Վրաստանի Նպատակը Եւրոպական Միութեան Անդամակցիլն Է, Եւ Յոյսով Եմ, Որ Ատիկա Տեղի Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանի քաղաքական ու պատմական նպատակը Եւրոպական Միութեան անդամակցիլն է, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ ատով բոլոր հոլովոյթները պիտի աւարտին:

Ան ըսած է, որ նախապէս` ստորագրելով համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, իրենք հաստատած էին, որ Եւրոպական գործընկերութեան ապագան հիմնուած է ժողովուրդներու` Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ իրենց դիրքերը ամրագրելու վրայ:

«Երբ Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան ստորագրեցին այս համաձայնագիրը, մենք մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք միանալու Եւրոպական Միութեան մեծ ընտանիքին: Վրաստանի քաղաքական ու պատմական նպատակն է դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ, եւ ես յոյս ունիմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ», յայտարարած է Մարկվելաշվիլի:

«NewsGeorgia.ru» կայքը կը գրէ, որ ան Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք յայտարարած է, որ Եւրոպան Վրաստանի հետ միասին աւելի պաշտպանուած ու զարգացած շրջան է` մեծ հեռանկարներով:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Թամարա Պերուչաշվիլի, որ ուղեկցած է նախագահին Սթրազպուրկի մէջ, ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան համարկուիլը Վրաստանի կայունութեան երաշխիքը պիտի դառնայ: «Ընկերակցութեան համաձայնագիրը մեր եւրոպականացման ծրագիրն է, ատիկա պիտի ըլլայ կայունութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման նախանշան եւ պիտի նպաստէ բազմաթիւ բարեփոխումներու`  բոլոր ուղղութիւններով: Մեր խնդիրն է` առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտուիլ այդ կարելիութենէն», յայտարարած է Պերուչաշվիլի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )