ԱՆՇՊԱՐ ԶՐՈՅՑ ՀԻՆ-ՆՈՐ ՑԱՒԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կ՛անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ՛անցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կ՛անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները իրենց սուտ իմաստութեամբ, Հայոց ազգ, քայլերդ դուրս մի՛ նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն: Եթէ նոյնիսկ բազուկներդ չկրնան հրացան բռնել, մագիլներովդ ճանկէ արդարութիւնդ, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս, անգամ մը եւս, ողնայարդ ծռել, ողջ հասակովդ ինկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ: Աւելի լաւ է սողալ այստեղ քան թէ գլուխ ցցել ուրիշի սահմաններուն վրայ:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

ԳՆԱ՛, ՃԱՓՈՆԸ ՓՐԿԷ

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը մեզ դէմ յանդիման պիտի դնէր նոր ԱՂԷՏի, որ կը կրկնուի եւ կը շարունակուի, դադար չունի: 7 դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժը աղէտ էր, աւեր եւ մահ, ստեղծուեցաւ յուզումի ալիք: Ամէն տարի յիշատակի հանդիպումներ ու արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ծանր էր հարուածը ժողովուրդի մը համար, որ վերականգնումի պայքար կը մղէր:

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ… Գեղեցիկ միտք եւ բառ, որոնք յաճախ կը վարագուրեն իրականութիւնները եւ կը խոչընդոտեն իրատեսութիւնը: Մեծ թիւով հայեր զոհ գացին երկրաշարժին` ազգը զրկելով իր ՀԱՄՐԱՆՔէն եւ ԱՇԽԱՏՈՒԺէն: Ափսո՜ս: Երբեք պիտի չգիտնանք մարդկային կորուստը, թիւի գնահատումներ եղան, երեսուն կամ հարիւր հազար, թերեւս աւելի, մեռեալներ: Բայց այդ ահեղ աղէտէն ետք ծայր տուաւ յուզական նկարագիր չունեցող աղէտը, տարերային ԱՐՏԱԳԱՂԹը, որ կը շարունակուի, որուն մասին չենք խօսիր մանր շահախնդրութիւններով, սրահ լեցնել կամ թերթ ծախել: Հայաստանէն կ՛արտագաղթեն, ամէն տարի, վաթսուն կամ եօթանասուն հազար հայեր, բազմապատկենք քսանով: Ազգը կը զրկուի, կրկին, իր ՀԱՄՐԱՆՔէն եւ ԱՇԽԱՏՈՒԺէն: Եթէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուի, պիտի հասկնանք, որ մեկնողները երիտասարդ են, այսինքն` բնակչութեան ուժական տարրը: Անոնց մէջ կան համալսարանականներ, արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր, մեծամասնութիւնը, կը զբաղին իրենց մասնագիտութեան ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն առնչուող գործերով, այսինքն ազգի ներդրումը յումպէտս կը վատնուի: Անցեալին քանի անգամ խօսուեցաւ «ուղեղներու արտահոսք»ի մասին, ի զուր, եւ շուտով մոռցուեցաւ:

Հեռատեսիլէն լսեցի ճափոնցի կին մը: Երկրի մեծ աղէտը քանդած էր հիւլէակայանները: Տիկնոջ մասնագէտ ամուսինը հեռաձայնած է` ըսելով, որ կ՛երթար վնասազերծելու հիւլէակայանը: Ճափոնուհին իր ամուսնոյն չէ ըսած` տո՛ւն եկուր, մեզ այստեղէն տար, այլ ըսած է. ԳՆԱ՛, ՃԱՓՈՆԸ ՓՐԿԷ… Ճափոնուհին` տէրը իր երկրին:

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ԽՕՍԻԼ

Համակարգիչիս մէջ պահած էի Վազգէն Շուշանեանէն էջ մը, որպէս ծանօթութիւն արձանագրուած էր, որ գրուած էր Բ. Աշխարհամարտին: Երազ եւ ցասում կան Շուշանեանի խօսքին մէջ. «Թող աշխարհի բոլոր սահմաններուն վրայ, բոլոր քաղաքներուն մէջ, բոլոր անդերուն ու բոլոր բնակութեան վայրերուն մէջ կիսով ուծացած հայոց հետքը չմնար, միայն թէ մեր երկիրը կարենար վաղուան առաւօտը ողջունել` առանց նոր փլատակներու, առանց նոր կործանումներու: Փարիզէն մինչեւ Պուէնոս Այրես, Լեմպերկէն մինչեւ Թորոնթօ, Պերլինէն մինչեւ Եոքոհամա թող ջնջուէր վերջին հետքը այս մոլոր հէք գաղթականներուն, որ մենք ենք, միայն թէ մեր բարձրաւանդակին ապերախտ հողերուն վրայ գարունը գար առանց աղէտի, միայն թէ նոր տնկուած ծառերը վերստին չտապալէին, միայն թէ մեր երկրին մանուկները վերստին կեր չդառնային օտար գթութեան: Թող օտարութեան այս բոլոր եզերքներուն վրայ վերջին հայերէն բառը խեղդուէր վերջին հայուն կոկորդին մէջ, միայն թէ մեր հազարամեայ հողերուն վրայ ցարասիներն ու բարտիները շարունակէին դողդոջել իրենց հայերէն երգը, եւ ժողովուրդը շարունակէր հողը հերկել մեր ակօսներուն մէջ: Թող վերջին հայ Կրեսոսին վերջին արծաթի կտորը, աղտեղութեամբ շահուած, բռնագրաւուէր այս ափերուն վրայ, միայն թէ Շիրակայ դաշտին մէջ ցորենները ուղէշ-ուղէշ բարձրանային ու գետնախնձորի ուռերը աւիշով ուռճանային»:

Վազգէն Շուշանեան չտեսաւ, որ այդ հէք ու հայրենահանումով տարտղնուած գաղթականներուն վրայ գումարուեցան զանգուածային կամաւոր գաղթականներ, որոնք չունին «հէք գաղթականներ»ու ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ երազանքը, զայն փոխարինած են «լաւ ապրելու» տենչի բաւարարութեամբ:

Չուզեցի երշիկի պէս շերտել Շուշանեանի մարգարէական թռիչքը: Ժամանակակից հայը, Հայաստան եւ Շուշանեանի յիշած եւ չյիշած վայրերու, եթէ բանայ այս տողերը մեր իրականութեան վրայ, թերեւս այդ սկիզբ կ՛ըլլայ հոգեփոխութեան  եւ ցանկալի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի: Այդ օրերուն արդէն, վեց տասնամեակ առաջ, Շուշանեան կը խօսի «կիսով ուծացած հայոց» մասին: Ինք չէր տեսած հպարտութեամբ կրկնուող «ծագումով հայ» ըլլալու տարազը, որուն կ՛ընկերացնենք նոյնքան հպարտութեամբ «օրինակելի մերուած»ի տիտղոսը: Բայց ո՞ւր կը մնայ հայու ինքնութիւնը, ինչպէ՞ս կը սահմանուի ան արմատներու յարաբերաբար, ո՞ր ազդակներու վրայ կը հիմնուի այդ ինքնութիւնը: Այս հարցերու մասին չենք խօսիր: Մի՞թէ անկարեւոր են անոնք: Շուշանեան հայոց «բարձրաւանդակ»ին եւ անոր ապահովութեան տենչը ունի: Բայց որո՞ւ համար են այդ բարձրաւանդակը եւ անոր ապահովութիւնը, երբ այդ հողերէն տարերային արտագաղթը կը շարունակուի, եւ «Փարիզէն մինչեւ Պուէնոս Այրես, Լեմպերկէն մինչեւ Թորոնթօ, Պերլինէն մինչեւ Եոքոհամա թող ջնջուէր վերջին հետքը այս մոլոր հէք գաղթականներուն», այսինքն` հայրենահանուածներուն, մարդիկ, որոնք իրենց ցուցաբերած բարեացակամութեամբ մեղսակից են «բարձրաւանդակ»ի, «անդեր»ու եւ «ծործոր»ներու ամայացման, հայաթափման` որպէս հետեւանք ապազգային արտագաղթի: Հարկ է կրկին կարդալ Շուշանեանի տողերը, ուր կը շնչէ իրաւ եւ հարազատ ԱԶԳԱՅԻՆ քաղաքականութիւնը:

Այս էջերուն սկիզբը զետեղուած է Վազգէն Շուշանեանի գրութեան երկրորդ մասը: Եթէ մեր ժամանակակիցներէն մէկը յանդգնէր ըսել, ինչ որ կ՛ըսէ Շուշանեան, փոթորիկ կը ստեղծուէր, ենթական կրնար նոր տեսակի հաւատաքննական ատեանի մը առջեւ դատուիլ: Ահաւոր դատում կայ խօսքին մէջ. «Կ՛անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ՛անցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կ՛անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները իրենց սուտ իմաստութեամբ, հայոց ազգ, քայլերդ դուրս մի՛ նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն»: Հերետիկոսներ եւ պզտիկ պարոններ ամէն տեղ են, սուտ իմաստութեամբ կը բարբառին, կ՛ըսեն, որ լաւ է, որ օտար լեզուն իւրացուցած են ի հեճուկս ազգային լեզուին, որպէսզի իրենք զիրենք ճանչնան: Ճանչնան իրենց ո՞ր ինքնութիւնը, ո՞ր յիշատակ-յիշողութեան ինքնութիւնը, ո՛չ ներկայ եւ ապրող: Շուշանեանի «պզտիկ պարոնները», որոնք ուրիշներու ինքնութեան բանաձեւումով կը սահմանեն իրենք զիրենք, սեփական-ազգայինի ամայութեան վրայ, կային եւ կան նաեւ մեր օրերուն: Ոչ ոք կը բողոքէ… երբ հայերէնը կը գրուի լատինատառ…

ԼՍՈՂ ԿԱ՞Յ

Շուշանեան ազգի խոր զգացողութիւն ունի, արտագաղթողի եւ զբօսաշրջիկի վերաբերումէն տարբեր. «Կ՛անցնին մարդիկը իրենք, հեռագնաց հովերու պէս, կ՛անցնին փոշիի ամպերու եւ թեթեւ եղանակներու պէս, եթէ իրենց մազարմատներով չեն խրած երկրին բուսահողին մէջ», լաւ ապրելու, սպառողական ընկերութենէն օգտուելու հեւքէն տարբեր: Ան դառն զգացումը ունի  «օտար գթութեան» ցաւին:

Իսկական հայրենասէրի, ո՛չ երգիչի եւ ո՛չ խրախճանքի հայրենասիրութիւն ունի Շուշանեան, երբ կ՛ըսէ. «Աւելի լաւ է սողալ այստեղ, քան թէ գլուխ ցցել ուրիշի սահմաններուն վրայ»:

Եւ կը յիշեմ Վիգէն Խեչումեանի հզօր խօսքը, որ կ՛ըսէր, թէ` «օտարի դրան քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չըսեն ծառայ» («Գիրք Լինելութեան»):

Բարեսիրութիւն, «բիզնես», արտագաղթ, վերաբնակեցում, վերականգնում, եթէ դիտէինք Վազգէն Շուշանեանի խռովքով, Հայաստանի մէջ «միկրացիա»ի գրասենեակներ չէին հաստատուեր, ամէն տարի վաթսուն-եօթանասուն հազար հայեր չէին արտագաղթեր, «Դէպի Երկիր» կոչը զբօսաշրջութեան մէջ չէր խեղդուեր եւ այդպէս ալ խեղդելու հրաւէրներ չէին ուղղուեր:

Արտագաղթողները, մեկնածները եւ մեկնելու պատրաստուողներ, պիտի կարդա՞ն Վազգէն Շուշանեանի կրակէ խօսքերը, թէ պարզապէս պիտի ըսեն, որ «լաւ ապրելու իրաւունք ունին», կամ` «հիմա թող ուրիշներ երթան»:

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսեն եւ կ՛ընեն ազգի «առաջնորդները»…

Եթէ չկայ Վազգէն Շուշանեանի ըսած «բուսահողը», գէթ կը պահե՞նք հոգեկան եւ ոգեկան բուսահողը, այսինքն` ազգային հարազատ լեզուն եւ մշակոյթը: Հարցում էր…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES