ՓԵՏՈՒՐՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ

Հարաւային Ափրիկէի Փըթի Քարու անապատին մէջ է, որ կը գտնուի Ուտշուրն քաղաքը, որ ջայլամի եւ անոր փետուրին միջազգային մայրաքաղաքն է: Հոն բազմաթիւ ագարակներ կը զբաղին այս զարմանալի թռչնազգին բուծանելով:

ՄԵԾ ԹՌՉՈՒՆ, ՊԶՏԻԿ ՈՒՂԵՂ

Ագարակները շատ ընդարձակ են, որովհետեւ այս թռչունը, աշխարհի ամէնէն մեծը, մեծ տարածքներու պէտք ունի տեղափոխուելու համար: Ագարակները բաժնուած են ցանկապատերով, ուր ջայլամները խմբուած են ըստ իրենց տարիքին: Այս բաժանումը երիտասարդ եւ աւելի տարիքոտ թռչուններուն միջեւ խլրտումներէ խուսափելու միջոց մըն է նաեւ: Նոյնիսկ եթէ ջայլամը վայելուչ եւ արագ է, ան շատ հնարամիտ չէ: Անոր ուղեղը շատ պզտիկ է: Օրինակի համար, եթէ մենք անոր գլխուն վրայ տոպրակ մը անցընենք, ան հանդարտ կը մնայ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ ինք անտեսանելի դարձած է:

* * *

Հարաւային Ափրիկէն աշխարհի գլխաւոր ջայլամ բուծանող երկիրն է: Ագարակապանները զանոնք կը բուծանեն անոնց համեղ միսին (20 առ հարիւր), մորթին (70 առ հարիւր), որուն կաշին կը ծառայէ շինելու ձեռքի պայուսակներ, կօշիկներ եւ այլն, եւ անոնց փետուրներուն համար (10 առ հարիւր). այս փետուրները կը ծառայեն զարդարելու հագուստներ, գլխարկներ, նորոյթի առարկաներ:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

Այս յատուկ ագարակը ունի 150 չափահաս ջայլամ եւ 500 աւելի փոքր ջայլամներ: Այս բոլոր թռչունները բացօդեայ կը մեծցուին:

Ծնունդի ժամանակ ջայլամին ճուտը շատ դիւրաբեկ կ՛ըլլայ: Իրենց ցանկապատին մէջ զետեղուած տաքցնող լամբերու շնորհիւ` ագարակապանը ջերմաստիճանը միշտ 25-ի վրայ կը պահէ:

Ամէն առտու ագարակապանները ջայլամներուն կը բերեն անոնց նախաճաշը` բոյսի տեսակ մը եւ եգիպտացորեն: Ջայլամները կը սիրեն նաեւ ուտել պզտիկ քարեր, որոնք կը ծառայեն ուտելիքները իրենց ստամոքսին մէջ տրորելու եւ մարսողութիւնը դիւրացնելու:

Էգ ջայլամը կ՛ածէ մօտաւորապէս վաթսուն հաւկիթ` ապրիլէն հոկտեմբեր երկարող շրջանի մը ընթացքին: Ջայլամի հաւկիթ մը կը կշռէ 1.5 քիլօ. այսինքն այս հաւկիթով շինուած ձուածեղ մը հաւասար է հաւու 24 հաւկիթներով շինուած ձուածեղի մը: Այս ջայլամի հաւկիթները կը պարպուին եւ կը  ներկուին խանութներուն մէջ իբրեւ յուշանուէր ծախուելու զբօսաշրջիկներուն:

Ջայլամը կրնայ վազել մինչեւ ժամական 70 քմ արագութեամբ: Ան կեփարէն (կատուազգիներու ընտանիքէն, ընձառիւծի տեսակ) ետք աշխարհի ամէնէն արագ անասունն է: Կարգ մը ագարակներ նոյնիսկ անասունները վարող «ձիաւորներով» ջայլամի մրցումներ կը կազմակերպեն այցելուները զբաղեցնելու համար:

19-րդ դարու վերջաւորութեան փետուրներու առեւտուրը կը զարգանայ, որովհետեւ մեծ պահանջ կայ: Այդ ժամանակաշրջանին փետուրին արժէքը ոսկիի արժէքին մօտ էր, յատկապէս` ճերմակ փետուրը, որովհետեւ կարելի էր զայն ներկել բոլոր գոյներով: Տակաւին այսօր մեծ դերձակները զայն կը գործածեն իրենց կարելիք գլխարկներուն եւ  հագուստներուն վրայ:ին մայրաքաղաքն է: Հոն բազմաթիւ ագարակներ կը զբաղին այս զարմանալի թռչնազգին բուծանելով:

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ՀԱՒԻԿ ԵՒ ՆԱՊԻԿ

Այս ձեռայինները կրնաս գործածել ոչ միայն տունը Զատկուան առիթով զարդարելու համար այլ նաեւ` անոնց մէջ զետեղելու իսկական կամ տուրմէ հաւկիթներ:

Ա.- Հաւիկը

Պէտք ունիս` տարբեր գոյներով բարակ խաւաքարտի, քրեփ թուղթի, մատիտի, մկրատի, քանակի, խէժի:

 

 

 

 

 

 

 

Բացատրութիւն`

Գունաւոր խաւաքարտին վրայ ընդօրինակէ հաւիկին յատակի, կռնակի եւ առջեւի բաժինները: Զանոնք կտրէ:

Կարմիր խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ կատարը, իսկ դեղին խաւաքարտին վրայ` կտուցը: Զանոնք փակցուր մարմնին վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ուրիշ գոյնի խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ պզտիկ եռանկիւններ եւ զանոնք փակցուր հաւիկին մարմնին վրայ: Ծակելիք գործիքով պզտիկ կլորակներ կտրէ եւ զանոնք փակցուր եռանկիւններուն վրայ: Աչքն ալ փակցուր:

Կէտաւոր գիծերուն վրայէն ծալէ: Կռնակին պզտիկ լեզուակներուն վրայ խէժ դիր եւ զայն փակցուր առջեւի բաժինին վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յատակի լեզուակներուն վրայ ալ խէժ դիր եւ զայն փակցուր հաւիկին տակը: Քրեփ թուղթեր կտրէ զանոնք հաւիկին մէջ դնելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բ. Նապիկը

Պէտք ունիս` տարբեր գոյներով խաւաքարտի, ճերմակ թուղթի, խաւաքարտէ պատատի, մատիտէ սեւ ներկի, խէժի, մկրատի:

 

Բացատրութիւն`

1.- Նապաստակին գլուխին պատկերը ընդօրինակէ խաւաքարտին վրայ: Զայն կտրէ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ մէջտեղի քիթի կլորը կտրէ:

2.- Ճերմակ թուղթին վրայ գծէ եւ կտրէ ականջին մէջի բաժինները: Զանոնք փակցուր ականջներուն մէջ: Մատիտէ սեւ ներկով գծէ աչքերը, ինչպէս նաեւ բերանը, քիթի կլորակին վարի բաժինին վրայ:

3.- Խաւաքարտէ պատատին վրայ գունաւոր թուղթ փակցուր:

4.- Ճերմակ հաւկիթ մը դիր պատատին վրայ: Անոր վրայ անցուր նապաստակին գլուխին մէջտեղի քիթին ծակը:

5.- Սեւ մատիտով հաւկիթին վրայ գծէ նապաստակին քիթը, բերանին գիծը եւ կէտերը:

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կէտերը իրարու միացուր 1-74` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս օգնել իւրաքանչիւր անասունի` գտնելու իր ուտելիքին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռչունի աջ եւ ձախ կողմերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES