50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ապրիլ 1961 )

«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ
ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Բարձր հովանաւորութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, «Կոմիտաս» երգչախումբը իր համերգը տուաւ 13 ապրիլ 1961, հինգշաբթի իրիկուն, Քոլեժ տը լա Սալի մէջ:

Ընտրեալ հասարակութեամբ ծայրէ ծայր լեցուած սրահը իր ծափահարութիւնները չխնայեց խոստմնալից «Կոմիտաս» երգչախումբին եւ Գէորգ Գանտահարեանին: Ղեկավարը, շնորհիւ իր բացառիկ զգայնութեան եւ այդ զգայնութիւնը խումբին փոխանցելու յատուկ շնորհքով, կրցաւ ստեղծել շատ մը հաճելի պահեր եւ յուզել ունկնդիր բազմութիւնը հայ երաժշտութեան ոգիով եւ ներշնչումով:

Խումբը, մօտ 70 հոգի, աշխատանք ունի կատարելիք աւելի հաւասարակշռութիւն եւ միասնականութիւն ձեռք բերելու համար: Թենորները կը գերազանցէին իրենց վստահութեամբ եւ ձայնի որակով: Սոփրանոները փոյլի պակաս ունէին երբեմն:

Ծրագրի առաջին մասին մէջ յաջող էին Ալեմշահի «Հունձք»ը եւ Ալթունեանի խանդավառիչ «Հոպինա»ն: Առիթը ունեցանք լսելու Սօսի Մինասեանը, ծանօթ երգչուհի, հարուստ եւ մարզուած մեցցօ – սոփրանօ, եւ Գրիգոր Տէտէեանը` հաղորդական եւ ճաշակաւոր ձայնով:

Երկրորդ մասին մէջ (յաջողագոյնը) նախընտրեցինք Սիւնիի աննման «Վո՜ւշ վո՜ւշ»ը եւ Կանաչեանի զգայուն «Օրօր»ը: Արփինէ Փեհլիվանեանի «Օրօր»ը: Արփինէ Փեհլիվանեանի ձայնը երազային յատկութեամբ «օրօրեց» մեր սրտերը: Առիթը պիտի ունենանք զայն լսելու երգահանդէսի մը մէջ:

Երրորդ մասին ամէնէն ծանր կտորը` Կոմիտասի «Կալերգը», հաւասարակշռութեամբ տրուեցաւ. խումբի մը կարողութիւնը այս երգէն կարելի է դատել: Մեներգող Գէորգ Պուրսալեանը հարուստ հնչականութեամբ ձայն մը ունի, արժանի` մարզուելու եւ փայլելու: Գալով Գոզալեանի «Ծիծեռնակ»ին, երեկոյթին ամէնէն տկար ելոյթն էր: Յասմիկ Յովսէփեան, որ շատ անգամներ յաջող կերպով կը գործադրէ ձայնին յարմար երգեր, անորոշ, հապճեպ, «գիւղականացած» «Ծիծեռնակ» մը ներկայացուց: Գնահատելի էր Գր. վրդ. Փիտեճեանի «Վո՜ւյ առնում եմ» երգը եւ քաջալերելի իր շնորհքը:

Ապա յաջողապէս ներկայացուեցան Ալթունեանի «Տղայ Զաւէնը» եւ Կանաչեանի «Շուշօ»ն` անհատնում ծափեր խլելով հասարակութենէն:

Կը հաւատանք, որ աշխատանքով զոհողութեամբ եւ մանաւանդ արուեստի կատարելութեան տենչանքով Գէորգ Գանտահարեանը եւ «Կոմիտաս» երգչախումբը հիանալի արդիւնքներ պիտի տան:

Պէյրութահայութեան կը մնայ զիրենք շնորհաւորել եւ լիովին քաջալերել:

Ո. Յ.

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷԻ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՆ

Համազգայինի Պէյրութի վարչութիւնը, որ այս տարի բեղուն գործունէութեան շրջան մը կը բոլորէ, ուրբաթ գիշեր, 14 ապրիլ, կազմակերպած էր երեկոյ մը` նուիրուած Շիրվանզադէի գրական վաստակին, Համազգայինի Վասպուրական սրահին մէջ:

Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին կողմէ բեմադրուող Շիրվանզադէի «Քաոս»ի առիթով սարքուած այս երեկոյթը եղաւ շատ յաջող ձեռնարկ մը, այն տեսակէտով, որ ներկայ գրասէր հասարակութիւնը կրցաւ լրիւ պատկեր մը կազմել արեւելահայ անուանի գրագէտին գրական ստեղծագործութեան մասին, որ երկու սեռով կը ներկայանայ մեզի. վէպ եւ թատրոն:

Հանդէսին բացումը կատարեց Ե. Փամպուքեան, որ բեմ հրաւիրեց Սիմոն Վրացեանը: Իւրայատուկ հիումըրով Վրացեան տուաւ Շիրվանզադէ մարդը` անոր նկարագրի որոշ գիծերուն շուրջ բացասական կարծիքներ յայտնելով: Պատմեց կարգ մը յատկանշական դրուագներ անոր կեանքէն, ուր ի յայտ կու գայ Շիրվանզադէի տիպարը` իբրեւ յեղյեղուկ մարդու: Բայց նաեւ շեշտեց, թէ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եղաւ միակ գրագէտը հայրենիքի մէջ, որ տուրք չվճարեց օրուան իշխանութիւններուն, ընդհակառակն, ցուցականօրէն իր արհամարհանքը դրսեւորեց հանդէպ դերասան Աբէլեանի, որ իր յոբելենական հանդէսի ընթացքին լորձնաշուրթն փառաբանած էր տիրող կարգերը:

Երկրորդ խօսողն էր երիտասարդ մտաւորական Վահէ Օշական, որ սեղմ, այլ լրիւ գիծերու մէջ տուաւ վիպասանը Շիրվանզադէի վիպային գրականութիւնը բնութագրելով իբրեւ մարդկային զգացումներու ցուցահանդէս մը, առանց հոգեբանական վերլուծումներու եւ ներքին վիճակներու խոր ուսումնասիրութեան: Շիրվանզադէի վէպին առանցքը նկատեց սէրը, որ իր պարագային, կիրքի կը մօտենայ: Վ. Օշական շատ կարճ, ճիշդ դատումներ ունեցաւ, բայց` առանց կարենալ ընդլայնելու իր գաղափարները, նկատի ունենալով իրեն սահմանուած ժամանակը:

Նոյնպէս երիտասարդ մտաւորական Գրիգոր Շահինեան կշռադատ մօտեցումով խօսեցաւ Շիրվանզադէ թատերագրի մասին, որ տուած է չափուած, ձեւուած տիպարներ, բարիի ու չարի անփոփոխ սահմաններուն մէջ: Շիրվանզադէի թատերական երկերը նկատեց մելոտրամիք գործեր, որոնց մէջ կեանքը կը տրուի այնպէս, ինչպէս որ կը տեսնէ հեղինակը` առանց քարոզի, առանց իր գաղափարներուն ետեւ կեցող հեղինակի մը միջամտութեան: Գ. Շահինեան Շիրվանզադէն նկատեց իր թատրերգութիւններուն բոլոր մանրամասնութիւնները ճշդող թատերագիր մը, որ ոտնձգութիւններ կ՛ընէ բեմադրիչի կալուածէն ներս:

Վերջին խօսողն էր Սուրէն Շանթ, որ վերցուցած էր վէպ մը թատրերգութեան վերածելու եւ բեմի վրայ իբրեւ ապրող իրականութիւն ներկայացնելու դժուարին աշխատանքը բացատրելու եւ արժեւորելու գործը: Թեքնիք ամուր կառուցումով եւ տրամաբանական զարգացումով, Ս. Շանթ շեշտեց, թէ վերջերս մեծ զարկ ստացած է վէպերու թատրերգութեան վերածման աշխատանքը, բոլոր երկիրներու մէջ: Յիշեց ծանօթ վէպեր, որոնք թատրերգութեան վերածուած են: Թուեց թատրերգութեան մը անհրաժեշտ տուեալները ու շեշտեց, թէ բեմի վրայ հեղինակին ստեղծած տիպարներուն մտածումներն ու զգացումները շատ աւելի հաղորդական են ու ներգործող, քան` վէպերու մէջ:

Հանդէսը փակուեցաւ Ե. Փամպուքեանի կողմէ, որ այս առիթով յիշեցուց «Քաոս»ի բեմադրութիւնը Համազգայինի թատերասէրներուն կողմէ, 17-23 ապրիլի շաբաթը:

 

Share this Article
CATEGORIES