Զանգուածները Ընդվզեցնող Զարգացումներուն Խորքը (1). Ընտրապայքարներէն Անդին, Ու Անոնցմէ Անկախ

Այս շաբթուան ընթացքին պիտի հրատարակենք Սարգիս Մահսէրէճեանի ստորագրութիւնը կրող, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ու ընտրապայքարին պատմուճանին տակ թաքնուած ծալքերուն եւ  զարգացումներուն վերաբերող յօդուածաշարք մը: Առաջինը (մեր այսօրուան թիւով) պէտք է հրատարակուէր նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով յետաձգուեցաւ: Մեր ընթերցողները պէտք է նկատի առնեն, որ անիկա գրուած էր ընտրութիւններու նախօրեակին, թէեւ արծարծուած հարցերը կը շրջանցեն ընտրութիւններու օրուան իրադարձութիւնները եւ նոյնինքն ընտրութիւնները, որովհետեւ տագնապին էութիւնը կը շարունակէ նոյնը մնալ: Այս հանգամանքն ու յօդուածաշարքին կարեւորութիւնը նկատի ունենալով` զայն կը յանձնենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան:

«Ա.»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 

Հոկտեմբեր 22-ին, Օպամա-Ռամնի պատկերասփռուած բանավէճին երրորդ ու վերջին արարը վարագոյրը իջեցուց նախագահական ընտրապայքարի վերջին նախապատրաստութեանց բեմադրութեան վրայ, որ հանրութեան անգամ մը եւս հրամցուեցաւ «ժողովրդավարութեան կիրարկում» դիմակով, եւ քանի մը օրէն, աշխարհը կը սպասէ ողբերգա-կատակերգութեան վերջին պատկերին, նոյնինքն ընտրութիւններուն:

Շաբաթներ շարունակ, շնորհիւ վարձուած-գնուած մամլոյ պատուհաններուն, ամերիկացի ժողովուրդին հետ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ ընտրապայքարի այս բարձրաղաղակ բեմադրութեան վրայ, ուր երկու ախոյեանները քուէարկողներուն ներկայացան առաւելաբար սուտ հաւաստիքներու եւ անհիմն խոստումներու մրցումի մը վազքուղիներուն մէջ, զիրար ամբաստանելու ճամբով` փոխադարձաբար մէկը միւսին իսկական թերութիւնները հրապարակ բերաւ, ժողովրդային արտայայտութեամբ` հակառակորդին «ո..ը բացաւ», հակառակ անոր որ նախօրօք համաձայնուած շրջագիծեր ճշդուած էին, ամբողջ բեմադրութիւնը սահանափակուած էր միայն երկու թեկնածուներուն ու մամուլի քանի մը ներկայացուցիչներու:

Կ՛արժէ արձանագրել թէ մեր Հայ դատի յանձնախումբը ճիշդ որոշում մը տուաւ` յայտարարելով, որ պիտի չզօրակցինք թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն, որովհետեւ թէ՛ այժմու նախագահին-փոխ նախագահին եւ թէ՛ անոնց մրցակիցներուն կեցուածքներուն հանդէպ վերապահ ըլլալու նա՛եւ հայկական պատճառներ ալ ունինք:

Վաղը, երբ Օպամա-Ռամնի մրցակցութիւնը եւս անցնի պատմութեան, այս «փոթորիկ»-ին փոշին ալ փարատի եւ վերադառնանք պարզ ու դառն իրականութիւններու բեմը, մարդիկ` զանգուածները դարձեալ հարց պիտի տան, թէ ընտրապայքարն ու անոնց արդիւնքը էականին մէջ ի՞նչ փոխեցին, կամ` կը խոստանան փոխել, արդեօք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող «դասակարգ»-ի կեանքին մէջ բարեփոխութեան, այժմու տագնապալի կացութենէն դուրս գալու ի՞նչ հաւանականութիւններ պիտի պարզուին, թէ՞ դէպի տնտեսական-ընկերային անկում ընթացքը պիտի շարունակուի այն ընթացքով, որուն մէջ է աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր (կարելի է երթալ նաեւ աւելի ետ…):

Այս ու յաջորդող յօդուածներով, նոյն ընդհանուր խորագիրին տակ, բայց տարբեր ենթաբաժանումներով, պիտի աշխատինք ի մի բերել կարգ մը բացայայտ կամ որոշ չափով քողարկուած իրողութիւններ, որոնք կ՛անցնին սոսկական ընտրապայքարներէ անդին եւ կը տնօրինեն աշխարհի բուն զարգացումներուն ընթացքը: Մեր հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ցոյց տալ, որ բազմաթիւ երկիրներու, յատկապէս իբրեւ հզօր ու ժողովրդավար ճանչցուած իշխանութիւնները դադրած են ըլլալէ տուեալ երկիրներու ժողովուրդին (ընդհանրապէս ժողովուրդներո՛ւ) ներկայացուցիչները, վերածուած են չափազանց փոքր թիւ մը կազմող փոքրամասնութեան մը ներկայացուցիչն ու շահերուն պաշտպանը, ընկերային արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ հաւասարութիւն եզրերը տժգունութեան դատապարտուած են, ու աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի անխուսափելի պայթում մը, որուն ոտնաձայնները կը լսուին քիչ մը ամէն տեղ, Ամերիկաներուն, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի ու աւելի արեւելք տարածուող ցամաքամասներու վրայ: Յօդուածները պիտի փորձենք հիւսել իբրեւ անջատ միաւորներ, սակայն անոնք պիտի ունենան ներքին կապ մը, ամբողջի մը մասնիկները ըլլալու ձգտումով:

Ամերիկեան Ընտրապայքարին Քողը

Ճամբայ ելլենք Օպամա-Ռամնի ընտրապայքարէն, ապա տարածուինք այլուր:

Հարցերուն մակերեսով չբաւարարուող ու քիչ մը խորը թափանցել ուզող հանդիսականներ հազիւ թէ իրազեկ դարձան, որ թեկնածուներուն միջեւ բանավէճերը նախօրօք պատրաստուած ու համաձայնուած խաղի մը օրէնքներով կը տարուին` իրենց ամենայետին մանրամասնութեամբ. այդպիսիները յանկարծ սկսան հարց տալ, թէ միայն երկու թեկնածուներուն ու փոխնախագահութեան յաւակնորդներուն միջեւ սահմանափակուած բեմէն հեռու պահուած էին, չես գիտեր ինչպիսի՞ ժողովրդավարութեան մը տրամաբանութեամբ, ո՛չ միայն այլ թեկնածուներ, այլ նաեւ` այնպիսի էական ու հրատապ հարցեր, որոնք նո՛յնքան կարեւոր էին, որքան` բեմադրուած նիւթերը:

Միայն մէկ օրինակ յիշատակելու համար արձանագրենք, որ Իրանի կորիզային զէնք ունենալու վերագրումներուն մասին «համախոհական» վէճին ընթացքին, երբ Օպամա եւ Ռամնի ոգի ի բռին փորձեցին զիրար գերազանցել, թէ արգելք պիտի ըլլան կորիզային զէնք ունենալու Իրանի ճիգերուն (հոգ չէ, թէ Իրան կը պնդէ, որ չունի եւ չ՛ուզեր ունենալ կորիզային զէնք, իսկ աշխարհը սկսած է ըսել «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Սատտամ Հիւսէյն»), ոչ իսկ մէկ հարցում, ոչ իսկ մէկ ակնարկութիւն, ուղղակի կամ անուղղակի ոչ մէկ նշում կատարուեցաւ… Իսրայէլի կուտակած կորիզային զէնքերուն մասին, որ Միջին Արեւելքն ու անոր հետ աշխարհը «Դամոկլեան սուր»-ի տակ պահող սպառնալիքներէն մէկն է, շինծու կամ ուռեցուած այլ սպառնալիքներէ աւելի… Այս ու նման «համակարծութիւններ» լուսարձակի տակ կը բերեն ենթադրութիւն մը, որ իրականութենէ հեռու չէ. թէ` թեկնածուները խորքին մէջ նոյն կառքին լծուած եզներ են, իսկական կառապանները միեւնոյն պահուըտած ուժերն են, հոգ չէ թէ այդ կառապաններն ալ կրնան երբեմն տարուիլ ներհակ հաշիւներով ու մրցակցութիւններով. սակայն կայ «գերագոյն շահ» մը, որ բուրգին գագաթը կը մասնականացնէ զանոնք:

Ընտրապայքարը միայն երկու ձիով վազցնելը հաւանաբար ունի խնայողական նպատակ. ի վերջոյ, երբ նոյն կառքը կարելի է երկու ձիով յառաջ տանիլ նոյն նպատակին, ինչի՞ կը ծառայէ երրորդի մը կամ չորրորդի մը առիթ տալը:

Իսկ թէ որո՞նք են բուն կառապանները, այդ մասին կը խօսինք աւելի ուշ: Հոս արձանագրենք միայն այն, որ երեւցող իշխանութիւններէն ու իշխանաւորներէն անդին, անոնցմէ գերադաս, կան այնպիսի ուժեր, որոնք իրենց իրողական պաշտօնակատարներուն վերածած են իշխանաւորները, անոնց միջոցով կը կիրարկեն իրենց կամքն ու կ՛իրականացնեն հաշիւներ, որոնք, ըստ էութեան, կառավարութիւնները շատո՜նց հեռացուցած են լինքըլնեան այն տեսութենէն, ըստ որուն, կառավարութիւնը ժողովուրդին համար է, ժողովուրդէն է ու ժողովուրդով է: Փաստօրէն ընտրողներ կը դրուին չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հարկադրանքին տակ` ի սկզբանէ տեսնելով, որ ո՛չ այս, ո՛չ ալ այն թեկնածուն բաւարարութիւն պիտի տայ իր տարրական կարիքներուն, լուծում պիտի բերէ անգործութեան, նիւթական բազմապիսի դժուարութիւններու եւ անոնց «ձագուկներուն»:

Տակաւին, աւելի քան տարիէ մը ի վեր ներկայացուող բեմադրութիւնը, հետեւաբար նաեւ` էական հարցերէ ժողովուրդին ակնարկներուն շեղումը, կրնայ շարունակուիլ ընտրութիւններէն ետք ալ: Չենք մոռցած, թէ Օպամայի խորհրդարանական աթոռին առ ու ծախին մասին «ռումբը» ինչպիսի լուսարձակներ խլեց նախորդ ընտրութիւններէն ետք, «փոթորիկ», որ կանխեց… Ուսամա Պըն Լատենի սպանութեան եւ «Արաբական գարուն»-ին պէս այլ «փոթորիկներ», որոնք իբրեւ առաջնակարգ հետաքրքրութիւն ներկայացնող իրադարձութիւններ ներկայացուեցան` լուսանցքի վրայ քշելով տնտեսական անկումն ու անոր բազմաճիւղ հետեւանքները…

Իսկական Արժէքներու Նսեմացում

Մնալով յիշեալ բեմադրութեան դաշտին մէջ` նկատելի է, որ հետաքրքրութեանց կիզակէտի վերածուած ընտրապայքարը, վարպետ նախածրագրումով, ամերիկացի ժողովուրդին ու աշխարհի մեծամասնութեան ուշադրութիւնները անգամ մը եւս շեղեց այնպիսի էական ու տագնապեցնող զարգացումներէ, որոնք անպայման չեն իյնար «Արաբական գարուն» կամ նմանօրինակ յորջորջումներու սիւնակին տակ, այլ դանակը կը հասցնեն թէ՛ ամերիկացի եւ թէ՛ Եւրոպայի ու աշխարհի այլ շրջաններու ժողովուրդներու ոսկորներուն, կը սղոցեն նոյնինքն ոսկորները ու կը թափանցեն մինչեւ ծուծը:

Եթէ եւրոպական ու ափրիկեան երկիրներու մէջ տնտեսական-ընկերային տագնապներուն թղթածրարը բարձիթողի չեղաւ եւ հրապարակային պահանջատիրութիւնը, արդարատենչութիւնը նոր մղոններ կտրեց, Միացեալ Նահանգներու մէջ ցուցական արտայայտութիւններուն մոմը գրեթէ մարեցաւ` մութի ու շփոթի մատնելով զանգուածները, որոնք սկսած են հարց տալ, թէ իրենց անունով ժողովրդավարութիւն եւ արդարութիւն հետապնդողները ինչո՞ւ ստեղծած են այնպիսի վիճակներ ու գործընթացներ, ուր ժողովրդավարութի՛ւնն ալ, արդարութի՛ւնն ալ, մարդկութիւնը բարեշրջման ու աւելի հաւասարակշռուած պայմաններու խոստումը մարմնաւորող` գաղափարական խորքով առաջադրանքներու հետ միասին, կը պարպուին իրենց իմաստէն, այդ գաղափարներու նախճիրը տեղի կ՛ունենայ բացայայտ կերպով. մինչեւ իսկ դարերու փորձէ ու պայքարներէ բիւրեղացած արժէքներու անուան տակ կը կիրարկուի ճիշդ հակառակը, աշխատո՛ղն ալ, քուէարկո՛ղն ալ, մէկ խօսքով` մարդկային զանգուածները կը մատնուին անյուսութեան, հիասթափութեան, սեփական կարողութիւններու նկատմամբ վստահութեան կորուստի, տարրականէն մինչեւ բարձրագոյն իրաւունքներու փոշիացման, ու այդ արժէքները կը հրամցուին-կը դիտուին իբրեւ սնամէջ բաներ, որոնք միայն զգացական ու երեւակայող մարդոց կալուածին մէջ կ՛իյնան: Մինչդեռ, դարերու փորձառութիւններէ եւ փորձարկումներէ բխող եզրակացութիւններ, մարդկութեան կեանքը բարեշրջելու միտող միջոցառումներ չեն կրնար միանգամընդմիշտ անտեսուիլ ու անբովանդակ հռչակուիլ փոքրամասնութեան մը յելուզակութիւններուն պատճառով, հոգ չէ թէ այդ բոլորին համար կը մշակուին օրէնքներ, կը կատարուի քարոզչութիւն` մարդկութիւնը համոզելու, թէ անարդարութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ նորելուկ արդարութիւն, իսկ իշխանաւորները` նման «արդարութեան» մը դրօշակիրները, պաշտպանները:

Ամերիկեան ընտրապայքարն ու ընտրութիւնները միակը չեն, որ կը փորձեն «կնքել» նոր աշխարհը: Նման կիրարկում կը կատարուի քիչ մը ամէն տեղ. անոր կը տրուի «համաշխարհայնացում» որակումը` իր տարբեր մակարդակի ու բնոյթի կիրարկումներով, սակայն արդէն իսկ սկսած է ստեղծել, նմանապէս քիչ մը ամէն տեղ, բուռն հակադարձութիւններ ու հակազդեցութիւններ: Յուսալի է, որ Իտալիոյ մէջ անհաւասարութեան մարմնացումն ու խորհրդանիշը հանդիսացողներէն` նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռը չ՛իյնայ ծանօթ բեմադրութիւններու սահմանին մէջ, ոչ ալ բաւարարուի քաղաքական մրցակցութիւններու թատրոնի բեմով:

Հոկտեմբեր 2012

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )