«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՄԵԾ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկները կը տօնեն իրենց նշանակած կոլերէն մէկը

Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրընկալեց Շալքէն:

Երթին Գերմանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը մեծ քայլերով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շալքէի: Աւարտականին «Կարմիր Սատանաները» իրենց դէմ պիտի ունենան Պարսելոնան, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ Մատրիտը` դարձի մրցումին անոր հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք: Երթին իր կարգին Պարսա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Երէկուան մրցումին Մանչեսթըրի կոլերը նշանակեցին Անթոնիօ Վալենսիա (26-րդ), Տերըն Կիպսըն (31-րդ) եւ Անտերսոն (72-րդ եւ 76-րդ): Շալքէի կոլը նշանակեց Խոսէ Մանուէլ Խիւրատօ (35-րդ):

 

Share this Article
CATEGORIES