ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ԱՐՏԱՆԵՏՈՒՄԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆՔ ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԸ
Չեմ գիտէր, թէ ձեր մօտ ինչպէ՛ս է, սակայն այս վերջին քանի մը օրերուն ամէն առաւօտ կ՛արթննամ վախի, մտահոգութեան եւ անկարողութեան զգացումներու խառնուրդով:
Ճափոնի երկրաշարժը ցնցեց ոչ միայն Ճափոնը, այլեւ արեւմտեան աշխարի բոլոր այն երկիրները, ուր հիւլէական կայանները անքննելի իրականութիւն կը նկատուէին մինչեւ վերջերս:
Իրադարձութիւններու աննախադէպ ընթացքը անհանգստացուցած են ոչ միայն մեծահասակները: Երեխաները նաեւ կը հետեւին լուրերուն, եւ իւրաքանչիւր նոր զարգացումի հետ կ՛աճի վախի մթնոլորտը: Երէկ Շուէտի ամբողջ տարածքին մանկապարտէզէն մինչեւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն յատուկ դասաժամեր յատկացուցին` երեխաներուն հանգստացնելու եւ վախի ու անզօրութեան զգացումները թեթեւցնելու համար:
Թերեւս քիչ մը չարակամութիւն ըլլայ աղէտին կապուած միայն մէկ երեւոյթի վրայ կեդրոնանալ այսպիսի պահու մը, երբ ամբողջ օրուան ընթացքին հեռատեսիլի կայաններէն անդադար կը հեռարձակուին յայտնութենական տեսարաններ. կամաց-կամաց կ՛ըմբռնենք աղէտին ահաւորութիւնը, կը յուզուինք մարդոց տառապանքներով, կը հմայուինք ճափոնցիներու կարգապահութեամբ, բայց ամէնէն աւելի կը մտահոգուինք` ակամայ մտածելով մեր մասին:
Երկրաշարժին հետեւող ցունամին, պայթումներն ու հրդեհները «Ֆուկուսիմա-1» հիւլէական կայանի հնոցներու զովացման համակարգի խափանման պատճառով ճառագայթային արտահոսքը հրատապ հարցի կը վերածեն հիւլէական կայաններու ապագան: Հարց մը, որ այս վերջին տասնամեակին գրեթէ բացակայ էր մեր մտահոգութիւններու ծիրէն, դադրած էր քաղաքական օրակարգի մաս կազմելէ: Եւ ահա, մեր կամքէն անկախ հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան օրակարգը կրկին ինքզինք կը պարտադրէ. վախը վարակած է բոլորս:
Ակամայ կը մտածեմ հայկական հիւլէական կայանին մասին:
Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ անկախութեան ջատագովները, որոնք հիւլէական կայանը (հինը կամ կառուցուելիքը) կը ներկայացնեն անփոխարինելի, վստահաբար զիս պիտի խաչեն: Գրեթէ դաւաճանութիւն կը նկատուի հիւլէական կայանի գոյութիւնը հարցականի տակ առնելը:
Սակայն մատներու մէջէն նայելու սովորութենէն պահ մը հրաժարինք:
Արդեօ՞ք մեր սրբազան պարտականութիւնը պէտք չէ համարենք հայութեան հաւաքական անվտանգութեան սպառնացող բոլոր, կը կրկնեմ, բոլոր հաւանականութիւնները լուրջի առնել եւ քննարկել:
Ճափոնի երկրաշարժի մասին կը խօսուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Հիմնականին մէջ կ՛ըսուի, որ նման բան չի կրնար պատահիլ մեր մօտ: Բոլորս ալ կ՛ապրինք այդ պատրանքով:
Լուրերու այս հեղեղին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց «Հայաստանում ուժեղ երկրաշարժ չի կանխատեսւում» լրատուութիւնը, ուր Սէյսմիկ պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան պետ Հրաչեայ Պետրոսեան կը պնդէ, որ` «Ճափոնի երկրաշարժը Հայաստանի վրայ ուղղակի ազդեցութիւն չի ունենայ, քանի որ երկրների միջեւ հեռաւորութիւնը շատ մեծ է, եւ մենք գտնւում ենք տարբեր երկրաբանական պայմաններում»:
Առաջին հայեացքով այս շատ դրական լուրը սրտապնդիչ էր ու որոշ հանգստութիւն կը ներշնչէր: Փա՛ռք Աստուծոյ, այնտեղ կար նաեւ այն գիտակցութիւնը, որ մեր տարածաշրջանը երկրաշարժային գօտի է, տարբեր ուժգնութեան երկրային ցնցումները յաճախակի են:
Նաեւ հանգստացնող էր այն, որ Հայաստանի Սէյսմիկ ծառայութեան աշխատակիցները մշտապէս կը վերլուծեն տուեալները եւ այս պահուն որեւէ անհանգստացնող բան չեն արձանագրած:
Սէյսմիկ պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան պետ Հրաչեայ Պետրոսեանի համաձայն, պէտք չէ վախնալ վերջին շրջանին պատահած թոյլ ցնցումներէն, «քանի որ երկրակեղեւում կուտակուած սէյսմիկ էներգիան աստիճանաբար պարպւում է եւ չի յանգեցնում մեծ էներգիաների կուտակման, հետեւաբար` ուժեղ երկրաշարժերի»:
Այսքանը շատ լաւ էր. լաւ քնաբեր դեղահատ էր.
Բայց քանի մը տող անդին, արդէն շուտով երեւան կու գան անհանգստացնող լուրջ մանրամասնութիւնները: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն երկու հիմնական խնդիրներ:
Առաջինը կը վերաբերի շարժակայուն շինարարութեան ազգային չափանիշերուն:
Ճափոնը շարժակայուն շինարարութեան ամէնէն արդիական եւ շէնքերու նախագծման ամէնէն խիստ չափանիշներ ունեցող երկիրներէն մէկն է, եթէ ոչ` միակը: Միւս կողմէ, պետական գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենիքը` Հայաստանը, այդ ոլորտի մէջ առաջատարներու շարքին չէ:
Սպիտակի երկրաշարժէն ետք մեր երկիրը կը հպարտանայ, որ Հայաստանի մեծագոյն ձեռքբերումը եղած է այն, որ մշակուած են շարժակայուն շինարարութեան ազգային այնպիսի հրաշալի չափանիշներ, որոնք շատ մօտ են ճափոնականին: Օրինակ, եթէ անցեալին սահմանափակում չկար, ապա այսօր արդէն չի թոյլատրուիր կառուցել բնակելի քարէ շէնք` չորս յարկէն աւելի, դպրոց-մանկապարտէզներ` 1-2 յարկէն աւելի, բարձրայարկ շէնքեր` 16 յարկերէ աւելի:
Արդեօ՞ք մենք որպէս պետութիւն եւ հասարակութիւն լուրջ կը վերաբերինք այս վտանգին: Որքանո՞վ է Հայաստանը այսօր պատրաստ է դիմագրաւելու երկրաշարժերը եւ անոր հետեւող հասարակութեան անվտանգութեան ապահովման հրամայականները:
Արդեօ՞ք մեր մօտ այդ շէնք-շինութիւններու շարժակայունութեան փորձաքննութիւններու վերահսկողութիւնը լիարժէքօրէն կ՛իրականացուի:
Որքանո՞վ պատրաստ են ճգնաժամային իրավիճակներ կառավարելու կոչուած մեր համակարգերը:
Ինչպիսի՞ն է մեր քարոզչական համակարգը բնակչութեան հետ կապ պահելու համար:
Աղէտի պարագային ինչպէ՞ս կը գործեն մեր ձայնասփիւռն եւ հեռատեսիլը:
Ի՞նչ գիտեն մեր հանրութիւնը, մեր երեխաները, մեր կիները` երկրաշարժի ժամանակ պաշտպանուելու տարրական կանոններու մասին:
Կառոյցներու շարժակայունութեան կեդրոնի պետ Զաւէն Խլղաթեանի համաձայն, Ճափոնի մէջ փլուզումները, ներառեալ հիւլէական կայանը, հետեւանք են երկրորդական երեւոյթներու, այսինքն` հրդեհներու ու ցունամիին, իսկ ցունամիներու դէմ, ըստ Խլղաթեանի, նոյնիսկ ամէնէն զարգացած երկիրներն իսկ անկարող են շէնք-շինութիւններու նախագծման հաշուարկ կատարել: Հայաստանի պարագային նման երկրորդական խնդիրներ կրնան յառաջացնել սողանքները, ջրամբարները, մարած հրաբուխները եւ այլն:
Լա՛ւ, ուրեմն, հանգստացէք, ցունամի չենք ունենար, սակայն մի՞թէ այս բոլորը ցունամիէն պակաս վտանգաւոր են:
Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր կեանքը կերտուած է հաշուարկուած վտանգներու, սպառնալիքներու վրայ: Մարդ արարածը իւրաքանչիւր քայլափոխին ենթակայ է ամէն տեսակի վտանգներու. ծառէն վար իյնալով` ողնաշարը վնասելու, մեքենայի տակ մնալու, շէնքերու տանիքներէն ինկող սառոյցի կտորներով գլուխը ջարդելու վտանգը միշտ ալ կայ: Այնպէս որ, ցունամին դիմագրաւելու հաշուարկները կրնան կատարեալ չըլլալ, եւ մենք կրնանք այդ ոչ կատարեալ իրավիճակին համակերպիլ:
Սակայն, խնդրեմ, ըսէք, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ մեր երկրին, երբ աղէտը դառնայ իրականութիւն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հիւանդանոցներուն վիճակը, Երեւանի նորակառոյց շէնքերուն վիճակը, հին շէնքերուն վիճակը: Պատասխան չկայ: Պատասխան չունինք:
Պատասխանը մտահոգիչ է, ահազդու. «սէյսմիկ ծառայութիւնը կոնկրետ քայլեր է ձեռնարկում, որպէսզի աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենայ շէնք-շինութիւնների սէյսմակայունութեան մակարդակը բարձրացնելու գործում»:
Լա՛ւ, ուրեմն, հիմա կրնանք բոլորս, ներառեալ երեխաները, հանգիստ քուն քաշել:
Երկրորդ` ամէնէն կարեւոր հարցը. Հայաստանի հիւլէական կայանը: ի՞նչ ուժգնութեան երկրաշարժի կրնայ դիմանալ ան: Զ. Խլղաթեանի համաձայն հիւլէական կայանը կը համարուի յատուկ նշանակութեան կառոյց եւ նախագծուած ու կառուցուած է յատուկ չափանիշներով` 9 պալ ուժգնութեան համար:
Նորէն շունչ քաշեցէք, հրաշալի է:
Բայց խնդրեմ, մի՛ աճապարէք, կայ մէկ մանրամասնութիւն, մի փոքրիկ խնդիր. «Մեր հիւլէական կայանում բացակայում է պաշտպանիչ թաղանթը, որը վթարի դէպքում կը բացառէր մասնիկների արտանետումը»:
Ուրեմն արտանետումի պարագային ի՞նչ պիտի ընենք:
Բոլորս կ՛ապրինք անգիտութեան օրհնութեան տակ, մեզի կը թուի, թէ աղէտը մեզի համար չէ, եւ այսպէս, մեր առօրեան կը քաշկռտենք կեղծ ապահովութեան զգացումով:
Իսկ ինչպէ՞ս վարուիլ Հայաստան եւ հիւլէական կայան զոյգին հետ:
Որքա՞ն յուսալի է այդ զոյգին ապագան: Արդեօք կա՞յ մէկ մարդ, քաղաքական խելահաս այր մը, կամ հասարակական գործիչ ու կազմակերպութիւն մը, որ քաջութիւնը ունենայ գոնէ այս պահուն սեղանի վրայ դնելու հիւլէական կայանի ապագան:
ուժանիւթի մեր կարիքները հոգալու նոր, արդիական միջոցներ փնտռելու հրամայականէն փախուստ չունինք: Ժամանակը մեր դէմ կը գործէ: Ե՞րբ պիտի սկսինք այդ քննարկումներուն:
Առ այժմ կարծես բոլորս բաւարարուած ենք անյաղթելի անգիտութեան ծոցին մէջ մենք մեզ երջանիկ զգալով:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ