50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1962)

Խմբագրական

«Բագին»
Երկրորդ Տարուան Սեմին

Տարի մը առաջ էր:

Խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներու եւ գրողներու տարիներու երազը մարմին կը ստանար` շնորհիւ իրենց ստեղծագործ խանդավառութեան եւ յամառ ջանքերուն, այլ նաեւ` քաջալերանքին ու դրական կեցուածքին հին պահակագունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք ընդհանրականին մտահոգութիւնը կ՛ապրին եւ սրբազան պարտականութիւնն ունին ջահը փոխանցելու նորահաս սերունդին:

«Բագին» հրապարակ կու գար իբրեւ ինքնաբուխ արտայայտութիւնը ազատ մտածողութեան եւ անով պայմանաւորուած գրական եւ գեղարուեստական ստեղծագործումներու հրամայական պահանջին` արդարացնելու համար այն առաջադրութիւնները, որոնք յստակօրէն կը բանաձեւուէին իր առաջին իսկ թիւով.

«Երիտասարդ եւ լուրջ պատրաստութիւններու տէր սերունդ մը ունինք այսօր, որ իր խանդավառութիւնները պոռթկալու եւ հոգին պարպելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուի: Նախորդ երկու սերունդներու ներկայացուցիչներուն կողքին, այս թերթին մէջ տեղ պիտի տրուի նաեւ այդ երիտասարդներուն: Նորերու այդ ապրումներուն եւ հասուն մարդոց խոհերուն բեմը պիտի ըլլայ «Բագին»-ը:

Այսօր, երբ ամէն ամիս ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ լոյս տեսած «Բագին»-ի տասներկու թիւերը արդէն իսկ դարձած են ընթերցող հասարակութեան սեփականութիւնը, եւ քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ երկրորդ տարեշրջանի առաջին թիւը` նոր առաջադրանքներով եւ առաջին տարուան փորձառութեամբ հարստացած, առիթ կը նկատենք ընդգծելու կարգ մը իրողութիւններ, որոնք կապուած են գրական այդ ամսագրի միամեայ կեանքին:

Առաջին հերթին, ընթերցող հասարակութիւնը արդարացուց «Բագին»-ի խմբագրութեան ակնկալութիւնները: Արդարեւ, ամսագրի 11-րդ թիւին եւ սփիւռքի հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած կոչ մը կը շեշտէ.

«Այսօր հպարտութեամբ կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդը յուսախաբ չըրաւ մեզ մեր ակնկալութիւններուն մէջ: Առաջի՛ն իսկ օրէն փնտռեց գրական այս ամսագիրը, որուն ծարաւը ունէր: Այն աստիճան, որ առաջին երեք թիւերը բոլորովին սպառած ըլլալով` խմբագրութիւնս ստիպուեցաւ աւելցնել տպաքանակը` կարենալ գոհացում տալու համար բոլոր գաղութներէն եկող պահանջներուն»:

Նոյն կոչէն կ՛իմանանք, որ իբրեւ արդիւնք այս բացառիկ ընդունելութեան, նոր տարեշրջանէն սկսեալ, «Բագին», փոխանակ 2000-ի, լոյս պիտի տեսնէ 2500 օրինակ տպաքանակով, աւելի եւս տարածուելու համար հայկական գաղութներու մէջ:

Արդարեւ «Բագին» կը հրատարակուէր իբրեւ համագաղութային ձեռնարկ ու անմիջապէս իր շունչն ու ոգին կը տանէր դէպի հեռաւոր գաղութներ, հոծ թէ փոքրաթիւ, ամէն տեղ, ուր հայ մշակոյթի ծարաւով սիրտ մը կը բաբախէ:

«Նոր փորձառութիւններու կենսախայտ տրոփով եւ մշակութային նոր պատուաստներու կենդանարար աւիշով հայ գրականութեան աճը բարձրացնելու նպատակի մը» ձգտող այս ամսագիրը իր միամեայ հրատարակութեամբ եւ 12 հատորներու շարքով ընթերցող հասարակութեան գնահատանքին կ՛ընծայէր յիսունի մօտ հին ու նոր գրողներ, առաջինները` իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւններով, միւսները` Նոր աւիւնի եւ կայծի վկայութիւնը բերող գրութիւններով:

Առաջին տարուան տասներկու թիւերուն շարքը շօշափելի գրաւականն է այն խոստումին, որ «Բագին»-ի խմբագրութիւնը կու տայ մեզի` շարունակելու նոյն թափով ու խանդավառութեամբ, գրական-գեղարուեստական անդաստանէն ներս նոր նուաճումներ արձանագրելու եւ նոր բարձունքներ նուաճելու համար:

Ընթերցող հասարակութեան կը մնայ ըստ արժանւոյն գնահատել այն ճիգը, որ «Բագին»-ի գործ կը դնէ ի սպաս հայ մշակոյթին, որ յաւիտենական հայութեան եւ յաւերժական Հայաստանի նախատարրը միշտ կազմած է դարեր շարունակ, իբրեւ հարազատ արտայայտութիւնը հոգեկան անբաւ հարստութիւններու տէր ազնուազարմ ժողովուրդի մը:

Share this Article
CATEGORIES